image

Սպանիա. Քաթալոնիոյ հայերը նշած են Հայաստանի Անկախութեան Տօնը

Սպանիա. Քաթալոնիոյ հայերը  նշած  են Հայաստանի Անկախութեան  Տօնը

Քաթալոնիոյ հայ համայնքը նշած է ՀՀ Անկախութեան տօնը: Այս մասին «Արեւելք»ին տեղեկութիւն հաղորդեցին Սպանիայէն:

Անկախութեան տօնին առթիւ, «Արարատ» հայկական միութեան նախաձեռնութեամբ, Սանթա Քոլոմա տե Կրամենէթ քաղաքի «Iglesia Mayor» կաթոլիկ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած է Սուրբ Պատարագ եւ հնչած է Հայաստանի օրհներգը: