image
Հրատապ լուրեր:

«Սպաննեցի, քանի որ շատ յայտնի էր» Ճոն Լենոնը սպաննած ոճրագործ՝ Մարք Տէյվիտ Չեփմըն

«Սպաննեցի, քանի որ շատ յայտնի էր» Ճոն Լենոնը սպաննած ոճրագործ՝ Մարք Տէյվիտ Չեփմըն

Ճոն Լենոնը սպանողը յայտարարած է, որ ինքը փառք կ'ուզէր եւ արժանի է մահապատիժի՝ իր «ստոր» արարքին համար:

Այս մասին Մարք Տէյվիտ Չեփմընը ըսած է ի պատասխան պայմանական վաղաժամկէտ ազատման յանձնաժողովի հարցերու, որ 11-րդ անգամ մերժած է անոր վաղաժամկէտ ազատ արձակել: Ինչպէս նախորդ լսումներու ժամանակ, այժմ նոյնպէս 65-ամեայ բանտարկեալը ափսոսանք յայտնած է Լենոնի վրայ կրակելու համար:

«Ես սպանեցի անոր, քանի որ ան շատ, շատ, շատ յայտնի էր, եւ այդ է միակ պատճառը, եւ ես շատ կ'ուզէի համբաւ ձեռք բերել: Շատ եսասիրական մօտեցում էր»,- ըսած է Չեփմընը, ըստ հրապարակուած սղագրութեան:

Չեփմընն իր գործողութիւնները անուանած է «նողկալի» եւ «ատելի»: Ան ըսած է, որ միշտ կը մտածէ այն ցաւի մասին, որ պատճառած է Լենոնի կնոջ՝ Եոքօ Օնոյին:

Չեփմընը Լենոնը գնդակահարած էր 1980 թուականի 8 դեկտեմբերի գիշերը, երբ ան եւ Օնոն կը վերադառնային Վերին Ուեսթ Սայտի իրենց բնակարան: Աւելի վաղ, նոյն օրը, Լենոնը Չեփմընին ինքնագիր տուած էր՝ վերջերս թողարկուած Double Fantasy ալպոմի օրինակի վրայ: «Ան այդ օրն իսկապէս բարի էր իմ հանդէպ»,- ըսած է Չեփմընը: «Ես ոչ մէկ բանի արժանի եմ: Ես արժանի եմ մահապատժի: Երբ դուն միտումնաւոր կը պատրաստես ինչ-որ մէկուն սպանութիւնը եւ գիտես, որ այդ սխալ է, եւ այդ կ'ընես քեզի համար, իմ կարծիքով, այդ արդէն մահապատիժ է»:

Չեփմընը ցմահ ազատազրկման պատիժ կը կրէ Պուֆալոյէն արեւելք գտնուող Վենտէի ուղղիչ գաղութին մէջ:

Մերժելով անոր պայմանական վաղաժամկէտ ազատումը՝ յանձնաժողովը յայտնած է, որ Չեփմընը «չար արարք» գործած է եւ անոր «ամօթը քեզի փառք կը բերէ» արտահայտութիւնը տագնապալի համարած է: