image

Մոսկուա. Մեծ հետախոյզի յիշատակին՝ յուշարձան

Մոսկուա. Մեծ հետախոյզի յիշատակին՝ յուշարձան

Խորհրդային Միութեան հերոս, բազմափորձ հետախոյզ Գէորգ Վարդանեանի պատուոյն յուշարձան պիտի տեղադրուի Մոսկուայի մէջ։ Յուշարձանը պիտի տեղադրուի ՌԴ մայրաքաղաքի արուարձաններէն մէկուն՝ Նոր Մոսկուայի մէջ՝ №2070 դպրոցի հարեւանութեամբ։ Այս մասին տեղեկացուցած է Ռուսաստանի արտաքին հետախուզական ծառայութեան ներկայացուցիչը։

Ան յայտարարած է, որ հիմա յուշարձանի տեղադրման փաստաթուղթերը քաղաքապետարանի դիտարկման ներկայացուած են․ տեղական իշխանութիւնները դրական տրամադրուած են զանոնք հաստատելուն։

Այդ դպրոցը նոյնպէս կը կրէ հետախոյզի անունը։