image

Հայուհին իշխանական նուիրատւութիւն կատարած է Գանատայի ազգային կառոյցներուն

Հայուհին իշխանական նուիրատւութիւն կատարած է Գանատայի ազգային կառոյցներուն

10 Հոկտեմբեր 2019-ին կեանքէն հեռացաւ գանատահայ նուիրեալ ազգային տիկին Էլիզ Բալուլեան, որ իր կտակով իսկ չզլացաւ իր լուման՝ առ ի օժանդակութիւն Մոնթրէալի ազգային կառոյցներուն: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Հորիզոն» շաբաթաթերթը:

Տիկին Էլիզ 20 հազար տոլար կտակած է «Հորիզոն» շաբաթաթերթին, ՀՕՄ-ի «Սօսէ» մաասնաճիւղին, Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբին եւ Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանին:

Նշենք, որ տիկին Էլիզ «Հորիզոն» շաբաթաթերթի առաջին բաժանորդներէն եղած է՝ հիմնադրութեան օրէն սկսեալ մինչեւ իր մահը: Ան նաեւ եղած է ՀՕՄ-ի Մոնթրէալի «Սօսէ» մասնաճիւղի երկարատեւ եւ գործուն անդամներէն մին: