«Ժամանակ» թերթը կը գրէ. «ԼՀ կուսակցութեան նախագահ Էտմոն Մարուքեանը դիմած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին՝ «սատար կանգնելու հարիւր հազարաւոր լիբանանահայերուն» եւ անոնց Հայաստանի մէջ ընդունելու ու օգնութիւն տրամադրելու ծրագիրներ իրականացնելու:
Լիբանանեան բանկային համակարգը տեֆոլթի եզրին է, լիբանանեան արժոյթը՝ լիրան, անընդհատ կ'արժեզրկուի, եւ դրամատուները կը հրաժարին վերադարձնել մարդոց աւանդները: Տարբեր հաշուարկներով լիբանանեան դրամատուներու մէջ կայ 3-5 միլիառ տոլարի հայկական ծագումով դրամագլուխ»: