Ռուսական «ՌԻԱ Նովոսթի»ի լրագրողը ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչ Սթեֆան Տիւժարիքէն, ճեպազրոյցի ժամանակ, հետաքրքրուած է, թէ ՄԱԿ-ն ինչ դիրքորոշում ունի հայ հոգեւորականներու ձերբակալութիւններու եւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ վրայ ճնշման աճի վերաբերեալ։
Ի պատասխան՝ Տիւժարիքը նշած է, որ ՄԱԿ-ը յոյս ունի, որ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ շուրջ ստեղծուած իրավիճակը պիտի կարգաւորուի «իրաւական պատշաճ ընթացակարգի շրջածիրէն ներս»։
«Մենք յոյս ունինք, որ իրավիճակը կը կարգաւորուի օրէնքի ողջամիտ շրջածիրէն ներս»,-ըսած է Տիւժարիքը։
Ան նաեւ նշած է, որ ընդհանուր քարտուղարի գրասենեակը տեղեակ է, թէ ինչ կը կատարուի Հայաստանի մէջ։