image

Երեւանի մէջ կրակոց եւ զոհ...

Երեւանի մէջ կրակոց եւ զոհ...

9 Հոկտեմբերին, սպանութիւն տեղի ունեցած է Երեւանի մէջ: Այս մասին կը յայտնէ Shamshyan.com-ը։

Ժամը 21։20-ի սահմաններուն ոստիկանութեան Երեւան քաղաքի վարչութեան կառավարման կեդրոն ահազանգ ստացուած է, որ Հարաւ-Արեւմտեան թաղամասի Անդրանիկի 130 շէնքի բակին մէջ կրակոցներ հնչած են։

Ոստիկաններն ու քննիչները դէպքի վայրին մէջ յայտնաբերած են ատրճանակէ կրակուած 4 պարկուճ, իսկ բացօթեայ նստարանի մօտ յայտնաբերուած են արնանման հետքեր։

Ոստիկանութիւնն ու քննչական բաժինը կը պարզեն մահացածի ինքնութիւնը, փաստի առթիւ  յարուցուած է քրէական գործ։

Լրատուամիջոցի տեղեկութիւններով՝ սպանուածը 20-25 տարեկան տղամարդ է, որ հիւանդանոց տեղափոխուած է սեւ գոյնի BMW մակնիշի մեքենայով։