image

«Խանդավառութիւնը մեծ է այս հզօր շարժումի մասնակիցներուն» «Արեւելք»ին Ըսաւ ՌԱԿ Ղեկավար Երուանդ Ազատեան

«Խանդավառութիւնը մեծ է այս հզօր շարժումի մասնակիցներուն» «Արեւելք»ին Ըսաւ  ՌԱԿ Ղեկավար Երուանդ  Ազատեան

Հարցազրոյց Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան (ՌԱԿ)  Արեւելեան  Ամերիկայի  եւ Գանատայի   Շրջանային Վարչութեան ատենապետ   Երուանդ Ազատեանի հետ

 

-Պարոն Ազատեան,  վերջին  ամիսներու  խմորումները  եւ հրապարակային քննարկումները    ցոյց կու տան, որ այս ամիս՝ ապրիլին Երեւանի մէջ     կայացուելիք ՌԱԿ  վերակազմեալ  մարմնի          գերագոյն  ժողովը կրնայ  լուրջ ջրբաժանի    առաջ դնել Ռամկավար Ազատական  Կուսակցութիւնը: Ի՞նչ ունիք   ըսելիք այս առումով:

-Ապրիլի ժողովը ճակատագրուած է վճռական հանգրուան մը հանդիսանալու կուսակցութեան պատմութեան մէջ: Փառաւոր անցեալ ու վաստակ ունեցող կազմակերպութիւն մը չի կրնար մնալ ներկայ պառակտեալ վիճակին մէջ: Բոլոր շրջանակներէն ներս կուսակցութեան առողջ տարրին համբերութիւնը հատած է: Ապրիլի ժողովը համընդհանուր պահանջքի մը արտայայտութիւնն է:

 

-Գաղտիք  չէ, որ նախքան      հրապարակին վրայ երեւան ելած   «յայտարարութիւն»  եւ «հակա յայտարարութիւն»  հաղորդագրութիւնները, տեղի ունեցան բաւական երկարատեւ բանակցութիւններ:   Ի՞նչ պատճառներով  այդ բանակցութիւնները ձախողեցան:

-Ճիշդ է թէ երկար բանակցութիւններ կայացան «Կեդրոն» կոչուած կազմալուծեալ խմբակին եւ ՌԱԿ Վերականգնումի Շարժումի ղեկավարներուն միջեւ: Ի դէպ, ՌԱԿ Վերականգնումի Շարժումը կը գլխաւորեն 40-50 տարիներ ամբողջ կուսակցութեան արժանապատիւ պատմութիւնը կերտող ղեկավարները: Իբրեւ հետեւանք այդ բանակցութեանց, որոշումներ առնուեցան եւ ճանապարհային քարտէս պատրաստուեցաւ: Ըսենք նաեւ, որ բանակցութիւնները կայացան հայրենի քաղաքական եւ հոգեւոր իշխանութեանց ցանկութեամբ եւ թելադրութեամբ, ինչպէս նաեւ սփիւռքահայ գլխաւոր կազմակերպութեանց առաջնորդներուն միջամտութեամբ:

Պատճա՞ռը թէ ինչո՛ւ ձախողեցան այդ բանկցութիւնները, ուրեմն կազմալուծեալ «Կեդրոն»ի մնացորդացը այնպէս հաւատաց որ եթէ «աւերակաց վրայ» ունեցած իր իշխանութենէն հրաժարի՝ լուրջ կառոյցի մը մէջ տեղ պիտի չունենայ: Հակառակ տրուած խօստումներուն՝ «ձի նստած մարդիկը չուզեցին վար իջնել իրենց ձիերէն», հակառակ որ շատ մը այլ «ձիաւորներ» արդէն զինաթափ եղած եւ հեռացած էին իրենցմէ:

Ամբողջ տասը տարիներ այս մարդիկ զբաղեցան ժխտական գործունէութեամբ՝ մէկուն անունը զեղչելով թերթին մէջ, ուրիշի մը պատկերը զանց առնելով, հասուն գրիչներուն արգիլելով արտայայտուիլ իրենց ենթակայ քանի մը օրկաններու էջերէն եւ կամ սարքելով հերթական «վտարումներ» եւ «կախակայումներ»: Իրենց համար կուսակցութիւնը սահմանուած է այդ տկարամիտ խաղերուն մէջ: Այդ տարրերը նոյնիսկ յօժար ըլլային միանալ զանգուածին եւ վերջ տալ պառակտումին՝ ուրիշ գործ չէին կրնար իրականացնել բացի անկէ, որ սորված են ընել անցեալին:

Կուսակցութեան լուսանցքին վրայ տապլտկիլ յամառող այս տարրերը, իբրեւ ազգային-քաղաքական գործունէութիւն, կը յաւակնին օգտագործել անհատական խծբծանքը, խափանարարութիւնը եւ չարամիտ զրպարտութիւնները: Իրենց «հերոսական» արարքներէն մէկն էր ԹՄՄ-«Նոր Օր» դատի ընթացքին կուսակցութեան կեդրոնի ամբողջ արխիւը յանձնել դաշնակցական փաստաբանի մը. ուրիշ առիթով-գործ բան թողած-նամակներ հասցուցին Հայաստանի նախագահէն, կաթողիկոսէն, մինչեւ Սփիւռքի բարեսիրական կազմակերպութեանց գլուխները՝ զրպարտելով կուսակցութեան նախկին ղեկավարները: Ոեւէ գործունէութենէ դատարկուած ըլլալով՝ երջանկօրէն ստորագրեցին հակառակորդ կուսակցութեան պաշտօնական հաղորդագրութիւնները: «Կեդրոն»ի ապօրինի ղեկավարներուն պատմական սխրագործութիւնը պիտի մնայ ՊԱՏԿԵՐԱՄԱՐՏԸ, որեւէ գլխաւորի շուրջ դեգերելով լուսանկարուելու սին կատակերգութիւնը:

 

- Ի՞նչ են     այս ամիս    Երեւանի մէջ կայացուլիք համաժողովին գլխաւոր  հիմնահարցերը:

-Վիթխարի աշխատանք եւ ծրագրում կը պահանջէ վերականգնելու եւ գործօն դարձնելու ՌԱԿ-ի կառոյցը: Կուսակցութեան սեփականութեան մենաշնորհը ունենալ կարծողները այնպիսի քայքայում յառաջացուցած են, որ մեր մարտահրաւէրները կը դարձնեն հսկայական: Այս մարդիկը ՌԱԿ-ը անյայտացուցին ազգային-գաղափարական հրապարակէն:

Վերջին տասնամեակին, երբ իր լրումին հասաւ ՌԱԿ-ի քայքայման գործընթացը, հիմնովին բարեփոխուեցան Սփիւռքի եւ հայրենիքի քաղաքական իրավիճակները: Այդ փոփոխութիւններէն մեկնելով պիտի մշակուին.

Ա-Կուսակցութեան ծրագիր կանոնագիրը: Բոլոր աւանդական կուսակցութիւնները, հրապարակելով արտայայտուին կամ ոչ, սահմանուած են ղեկավարուելու ապակեդրոնացեալ դրութեամբ: Մէկ երկրին մէջ տիրող քաղաքական վիճակը կրնայ սահմանել ոեւէ կուսակցութեան տուեալ երկրի հատուածային քաղաքականութիւնն ու ռազմավարութիւնը, բայց ոչ՝ ամբողջ կուսակցութեան, համազգային տարածքով:

-Այժմու «կեդրոն»ի անդամները շատ թեթեւօրէն վարուած են կուսակցութեան աւանդական աշխարհագրական կառոյցին հետ, «բաժնէ որ տիրես»ի հոգեբանութեամբ: Օրինակ, Ամերիկայի Արեւելեան եւ Արեւմտեան Շրջանային Վարչութիւնները կտոր-կտոր են ըրած, հոգ չէ թէ այդ շրջանները շարունակած են գործել աւանդական կառոյցով՝ ծիծաղելի դարձնելով տունը նստած աշխարհագրութիւն խաղալու փորձերը: Գանատան նոյնպէս եղած է բաժան-բաժան: Նոյնիսկ ստեղծուած է Հիւսիսային Գանատայի Շրջանային Վարչութիւն՝ հակառակ որ ցանցառ է այդտեղ բնակչութիւնը առ հասարակ: Հազիւ թէ քանի մը հայեր բնակին այդտեղ: Կ'երեւի անդամակցութեան համար իրենց յոյսը կապած են այդ շրջանը բնակեցնող արջերուն եւ փինկուիններուն: Ուրեմն, կը տեսնէք որ կուսակցութիւնը պէտք է վերահաստատէ իր կառոյցն ու գործունէութիւններուն դաշտը՝ համապատասխան իր անդամակցութեան եւ տուեալ գաղութի ազգային պահանջներուն:

Գ-Տարիներէ ի վեր օրինաւոր պատգամաւորական ժողով չէ կայացած: Այժմու անլուրջ մարդիկը երկու անգամ հաւաքուած են Ամման եւ Լիոն, ապահովելով ճանապարհածախսերը իրենց համախոհներուն եւ իրենք զիրենք «վերընտրած» են իբրեւ ղեկավար մարմին: Ո՛չ հրաւէր ուղղուած է աւելի կազմակերպեալ շրջանակներուն, ո՛չ ալ նկատի առնուած են անոնց գոյութիւնն ու գործունէութիւնը: Այսօր հարկ կը դառնայ բոլոր շրջանակներուն մասնակցութեամբ վերականգնել կառոյցն ու օրինականութիւնը կուսակցութեան շարքերէն ներս:

 

-Ի՞նչպիսի  ներկայացուցչութիւն ապահովուած է այս ժողովին համար, եւ արդեօ՞ք   Երեւան ժամանող ներկայացուցիչները պիտի կարողանան սոյն ժողովին  օրինականութիւն մը ապահովել տրուած  ըլլալով, որ   Մայք Խարապեանի  ղեվավարած  ՌԱԿ-ի կեդրոնական  վարչութեան  հիմնական  «զէնք»ը  կը կայանայ  օրինականութիւն մը ունենալու մէջ:

-Համաձայն ՌԱԿ-ի ծրագիր–կանոնագրին՝ երբ կեդրոնական վարչութիւնը կը կորսնցնէ իր լիազօրութիւնն ու հեղինակութիւնը ամբողջ կուսակցութիւնը ղեկավարելու՝ շրջանակներու երկու երրորդի մեծամասնութեան միացումով անհրաժեշտ կը դառնայ գումարել արտակարգ պատգամաւորական ժողով եւ ընտրել նոր կեդրոնական վարչութիւն: Փաստօրէն Երեւանի ապրիլի հաւաքին մասնակցողները աւելի ներկայացուցչական են,  քան՝ Ամմանի եւ Լիոնի մէջ հաւաքուածները:

Դրական երեւոյթը այն է, որ «Կեդրոն» կոչուածին նախկին անդամները, անդրադառնալով ստեղծուած աղէտալի կացութեան, հեռացած են խմբակէն եւ միացած վերականգնումի շարժումին: Իսկ ուրիշներ, անդրադարձած ըլլալով հանդերձ տխուր իրավիճակին, հեռացած են «Կեդրոն»էն եւ ենթարկուած են ինքնամեկուսացման, հաւանաբար ամչնալով իրենց մեղսակցութեան ծանրութենէն:

Ճիշդ է, «ՌԱԿ-ի կեդրոնական վարչութեան «զէնք»ը կը կայանայ օրինականութիւն մը ունենալու մէջ»:

Այսպէս ասած «Կեդրոնական վարչութիւնը» օրինականութիւնը վերածած է վերմակի մը, անոր ներքեւ պարտկելու համար ամէն ապօրինութիւն: Այսօր «Կեդրոնական վարչութիւն» ըսուածը փետրաթափ եղած է, եւ մնացեալ քանի մը հոգիները դեռ օրինականութիւն կը խաղան՝ անդամներ վտարելով կամ կախակայելով եւ լուրջ կառոյցներ «ապօրինի» հռչակելով: Չեն զգար անգամ որքան ծիծաղելի կը դառնան այդ կերպով:

Այստեղ ժամանակ չկայ թուումն մասանցը ընելու այն ապօրինութեանց, զորս այս մարդիկը գործած են:

Մեր գործը ծրագրուած է ըլլալ հանգրուանային. Ժողովէն բխող կառոյցը տուեալ պայմանաժամի մը մէջ պիտի ջանայ իրականացնել իր առաջադրութիւնները՝ պայմաններ ստեղծելով յառաջիկայ օրինական պատգամաւորական ժողովի մը:

Սկզբունքով դուռը բաց է բոլոր այն կուսակցականներուն համար,որոնք կը ցանկան միանալ վերականգնումի այս հսկայ գործընթացին: Պէտք է ուրախութեամբ նշել, որ այդ «բաց դուռ»ի քաղաքականութեան հետեւանքով շարժումին միացողներուն թիւը կը ստուարանայ օրէ օր:

 

-Ձեր կարծիքով    յառաջիկայ ժողովէն բխող մարմինը  պիտի ստանա՞յ հայրենի իշխանութիւններուն եւ Սփիւռքի  ՌԱԿ-եան մեծ շրջանակներուն  օրինական  մարմին ըլլալու  հովանաւորչութիւնը:

-Ոչ հայրենի իշխանութեանց եւ ոչ այլ շրջանակներու «հովանաւորութիւնը» կրնան երաշխաւորել կազմուելիք մարմնին օրինականութիւնը: Միայն հաւատաւոր անդամակցութեան կամքով եւ նուիրումով կարելի է վերականգնել օրինականութիւնը: Եւ հայրենի իշխանութեանց եւ այլոց կը մնայ յարգել ընդհանուր անդամակցութեան կամքը: Հայրենիքի իշխանութիւնները, ինչպէս սփիւռքեան կառոյցներու առաջնորդները, լաւ կը ճանչնան վերականգնումի ղեկավարները: Գուցէ աւելի լաւ՝ քան այժմու իշխանութեան յաւակնորդները:

- Ձեր  տուեալներով    ի՞նչ  անուններ  կան, որոնք   պատրաստ են   ՌԱԿ-ի վերակազմեալ մարմնի    կեդրոնական վարչութեան ղեկը ստանձնել:

-Ճիշդ պիտի չըլլար այս րոպէին անուններ ճշդել: Միայն յայտնենք, որ Վերականգնումի գործընթացը պիտի զուգադիպի սերնդափոխութեան հանգրուանին, հետեւաբար փորձառու տարրեր ձեռք-ձեռքի տուած աւելի թարմ ուժերու հետ պիտի իրականացնեն զոյգ նպատակները:

Միայն իմացէք, որ խանդավառութիւնը մեծ է այս հզօր շարժումի մասնակիցներուն:

 

 Հարցազրոյցը ՝  Ս.  Ա.