image

Անոնց՝ որ չեն ճանչնար «Ասսիզացիական» հայ վարդապետը. Գասպար Տէրտէրեան

Անոնց՝ որ չեն ճանչնար «Ասսիզացիական» հայ վարդապետը. Գասպար Տէրտէրեան

Արժանթինի մայրաքաղաքի նախկին թեմական Առաջնորդ Խորխէ Մարիօ Պերկոլիօ Արքեպիսկոպոսը, կողմնակիցը՝ Լատին Ամերիկայի կաթողիկէ կղերականութեան որդեգրած «Ազատագրութեան Աստուածաբանութեան», ներկայիս՝ Վատիկանի Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը, եթէ ծանօթացած ըլլար Հայր Անդրանիկ Ծ. Վարդապետ Կռանեանի հոգեւորական եւ հասարակական կեանքին ու գործունէութեան, անվարան պիտի ըսէր թէ՝ Վարդապետ Կռանեանը եղած է կաթողիկէ հոգեւորականի օրինակելի տիպար մը։ Եւ ասիկա կը պահանջուի նաեւ՝ միւս բոլոր եկեղեցիներու հոգեւորականներէն անխտիր, ներառեալ՝ Հայց. Եկեղեցւոյ հոգեւորականներէն… որոնք այսօր՝ դժբախտաբար, չեն ներկայացներ օրինակելի տիպարի կերպարները, բացի՝ շատ փոքրաթիւ հոգեւորականներէ…։

Արդարադատ Պապը, որ արդարութիւն ըրաւ հայ ժողովուրդի 1915 թուի մարտիրոսութեան, խոնարհելով՝ Ծիծեռնակաբերդի «Անշէջ Կրակ»ին առջեւ, եւ իրեն նուիրուած նամականիշին խորքի խորհրդանշանը ընտրեց՝ Ծիծեռնակաբերդի Յուշակոթողը, անպայման պիտի գտնէր նաեւ՝ Վարդապետ Կռանեանի յիշատակը արժեւորելու ձեւ մը, անոր եւս արդարութիւն ընելու համար։

Որովհետեւ՝ Վարդապետ Անդրանիկ Կռանեանի ապրած կեանքն ու հոգեւոր ու հասարակական գործունէութիւնը՝ համաձայն եղած էին այն սկզբունքներուն, զորս այսօր կը քարոզէ Ֆրանչիսկոս Պապը՝ հոգեւորական ու աշխարհական կաթողիկէ հաւատացեալներուն։

Այսպէս՝ իր ընտրութենէն անմիջապէս յետոյ, բազմութեան իր ուղղած առաջին խօսքը՝ Ֆրանչիսկոս արտասանեց, իր մայրենի՝ սպաներէնով. “Fratelli e Sorella Buonasera!”։ Լեզուներու գիտակ Վարդապետ Կռանեան եւս իր մայրենի՝ հայերէն լեզուին տուաւ նախամեծարանք։ (Այս եւ յաջորդող բոլոր մէջբերուած խօսքերը Ֆրանչիսկոս Պապին՝ մէջբերուած են Սարգիս Նաճարեանի ուսանելի հատորէն)։

Վարդապետ Կռանեան իր հայագիտական, խոհագրական, թատերագրական, խմբագրական, դասագրքական ու քաղաքական բոլոր գրութիւններուն եւ դասախօսութիւններուն մէջ՝ բժիշկ մըն էր, ոչ սոսկական քարոզիչ մը…։ Իսկ Ֆրանչիսկոս Պապը կ՚ըսէ. «Քարոզը՝ Աստուծոյ Խօսքին ծանուցումն է, իսկ դասախօսութիւնը՝ Անոր Խօսքին բացատրութիւնն է, եւ դասախօսելը (բացատրելը)՝ բժիշկ ըլլալ է»։ Որովհետեւ Աւետարանի լեզուն շատ հին է, եւ հարկ է՝ որ հոգեւորականը, այսօրուան լեզուով բացատրէ եւ այսօրուան պայմաններուն լոյսին տակ մեկնաբանէ Անոր Խօսքին բուն իմաստը…, դուրս ձգելով մանրամասնութիւնները, որոնց նշանակութիւնը այսօր՝ հիմնովին տարբեր է։

Վարդապետ Կռանեանի դուռը բաց էր բոլոր զայն թակողներուն առջեւ՝ ամէն ժամանակ։ Եւ այս տողերը գրողը, պարտք կը զգայ երախտագիտութեամբ յիշելու թէ՝ երբ Վարդապետը պատասխանատուն էր կաթողիկէ «Արարատեան» սրահին, Լիբանանահայ Գրական Շրջանակին առջեւ ալ բացաւ սրահին դուռը, Գրական Շրջանակի տասնեակ մը հանդիսութիւններուն առջեւ, ինչպէս՝ անոր հիմնադրութեան 50-ամեակին եւ Հայաստանի Կոմկուսի ընդհանուր քարտուղար Սերգէյ Պատալեանի հրապարակային բանախօսութեան… անխտրական հանդուրժողութեամբ։ Պապը կ՚ըսէ. «Յոռի երեւոյթ է՝ ժողովրդապետութիւններու դուռին առջեւ «ընդունելութեան ժամեր» ցուցատախտակը։ Հոգեւորին դուռը բաց պէտք է ըլլայ բոլոր զայն թակողներուն առջեւ, որովհետեւ մենք՝ հոգեւորականներս, կանչուած ենք՝ աշխարհականներուն ծառայելու, եւ ոչ թէ՝ անոնցմէ միայն ծառայութիւններ ընդունելու։ Եկեղեցին՝ քահանաներու ընտրանի մը չէ, եւ Սուրբ Հոգին եկեղեցական նուիրապետութեան սեփականութիւնը չէ միայն»։ Այսինքն, եկեղեցականներու ընտրանիի մը մենաշնորհը չէ Սբ. Հոգին…։

Վարդապետ Կռանեան ոչ միայն կը գրէր քաղաքական յօդուածներ ու գրականութիւն, այլեւ՝ գործօն մասնակցութիւն կ՚ունենար մեր ժողովուրդի քաղաքական կեանքին, քանի որ ան՝ իր հոգեւորականի առաքելութեան ու կոչումին անյարիր կամ անյարակից (incoherent) չէր նկատեր քաղաքականութիւնը։ Եւ Ֆրանչիսկոս Պապը կ՚ըսէ. «Մեծ թէ փոքր քաղաքականութեամբ զբաղիլը կարեւոր է։ Կարելի է սուրբ դառնալ՝ քաղաքականութեամբ զբաղելով…։ Հարկ է խառնուիլ քաղաքական պայքարին։ Կաթոլիկ մը չի կրնար բաւականանալ դիտելով պատշգամէն։ Մկրտուածները պէտք չէ վարանին ասպարէզ իջնելու՝ թէկուզ եւ քիչ մը ձեռքերը եւ սիրտը աղտոտելու գնով։ Սխալ է ըսել՝ քաղաքականութեամբ չեմ ուզեր զբաղիլ, որովհետեւ չեմ ուզեր մեղանչել։ Զբաղեցէք քաղաքականութեամբ եւ Տէրոջմէ խնդրեցէք՝ օգնել ձեզի, որպէսզի չմեղանչէք։ Իսկ եթէ պատահի որ ձեռքերնիդ կեղտոտի, թողութիւն խնդրեցէք, եւ՝ շարունակեցէք»։ Եւ կը բացատրէ. «Եթէ մենք ծուլանանք ու չմասնակցինք հասարակութեան կեանքին, ուրիշները կ՚ըլլան մեր քաղաքական ճակատագիրը որոշողները»։ Եւ՝ ուրիշները կրնան մեր քաղաքական ճակատագիրը որոշել ո՛չ աստուածահաճոյ կերպով. պատերազմներու, բռնութիւններու, շահագործումի եւ բռնագրաւումի ուղիներուն հետեւելով…։ Եւ այդ ուրիշները շատ են այսօր՝ վայրի դրամատիրութեան աշխարհակարգին մէջ…։

Վարդապետ Կռանեան, Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի թէժ օրերուն, քաղաքական առաջնորդող խմբագրականներով կը կողմնորոշէր լիբանանահայութիւնը «ՄԱՍԻՍ» պաշտօնաթերթին ընդմէջէն, քաղաքական աւելի յանդուգն ու ճշմարտախօս գրիչով, քան նոյնիսկ՝ կուսակցական հայ մամուլը։

Ան միայն խմբագիրը չեղաւ «Մասիս»ին եւ «Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»ին, այլեւ՝ մաս կազմեց երիտասարդական, յառաջապահ ու քաղաքական նոր խօսքի օրկան՝ «Երիտասարդ Հայ»ի։ Անոր նոյնիսկ գեղարուեստական գրականութեան մէջ տեղ գտաւ թատերախաղ մը՝ նուիրուած Հայ Ազատագրական Շարժումներուն, եւ քաղաքացիական պատերազմի օրերու իր գրութիւնները վերամշակելով, ամփոփեց «Անապահով Օրեր» վերնագրով հատորին մէջ, մեծ յանդգնութեամբ քննադատելով իր շրջապատին մէջ տիրապետող խաչապաշտ զինեալներու հակահայ եւ անմարդկային գործողութիւնները… ոճիրները…։

Վարդապետ Կռանեանին ես հանդիպեցայ, նաեւ՝ ինծի համար անսպասելիօրէն, 1979 թուին, Փարիզի Nikko պանդոկի համագումարներու սրահին մէջ, ուր Սեպտեմբեր 3-6 օրերուն, կը գումարուէր Հայկական Ա. Համագումարը, եւ ինք նստած էր համագումարի նախագահութեան սեղանին վրայ, արձակագիր Գէորգ Աճեմեանի, Վեր. Ճէյմզ Գառնուզեանի, Մեթր Ժագ Ճախեանի, Փրոֆ. Վահագն Տատրեանի, ֆինանսագէտ Մկրտիչ Յ. Պուլտուքեանի եւ… Հայ Գաղտնի Բանակի ղեկավար Յակոբ Յակոբեանի շարքին։ Մինչ լիբանանահայ քաղաքական կազմակերպութիւններն ու մամուլը կը վարանէին բացորոշ կերպով կանգնելու Հայ Գաղտնի Բանակի (Հ.Ա.Հ.Գ.Բ.) կողքին, Վարդապետ Կռանեան «ՄԱՍԻՍ»ի 23 Յունուար 1982 թուակիր համարին մէջ կը գրէր. «Մաղթանքս Այս Է (Գաղտնի Բանակին) Շնորհաւոր Նոր Տարի» վերնագրին տակ գրութիւն մը, որ Գաղտնի Բանակը կը համարէր 1981 տարուան Սփիւռքի իրականութեան մեծագոյն դէպքը… քանի որ ինք՝ մեր հողային պահանջատրութեան գործնականօրէն յանձնառու առաջնորդներէն էր նաեւ, զատորոշուելով՝ աւանդական կուսակցութիւններու այն ղեկավարներէն, որոնք 1915 թուի դարադարձին անգամ՝ մոռցան Արարատը, Արեւմտահայաստանը, եւ իբր խորհրդանիշ՝ որդեգրեցին սիոնական «Անմոռուկ»ը… մինչդեռ Մեծ Եղեռնը գործուած էր սիոնածին Փանթուրք Երիտ Թուրքերու ձեռամբ…։

Եւ որպէս պատգամ, Ֆրանչիսկոս Պապը կ՚ըսէ. «Այսօրուան աշխարհը ձեզմէ կը պահանջէ Պատմութեան դերակատարը ըլլալ, ոչ՝ կրաւորական ենթակաները։ Կեանքը գեղեցիկ է այնքանով որքանով որ կ՚ուզենք զայն ապրիլ՝ անոր վրայ հետք մը ձգելով։ Այսօր Յիսուս ձեզ կը հրաւիրէ հետք մը ձգելու՝ ձեր եւ ուրիշներու պատմութեան մէջ»։

Իսկ Թորգոմ Պատրիարք Գուշակեան՝ արծաթասէր, ընչաքաղց ու չունեւորութեան ու ծառայութեան ուխտը դրժած, ոչ թէ մարդ ըլլալը, այլ՝ դրամ ունենալը նախընտրող, Յիսուսի Լերան Քարոզին չանսացող եկեղեցականներուն ուղղելով խօսքը, ըսած է. «Ոչ աստիճանը եւ ոչ ալ սքեմը պէտք է ծառայեցնէք իբրեւ միջոց՝ ճոխ ու փարթամ կենցաղի յղփանքին, որ շատ աւելի անվայել է եւ անպատիւ՝ հոգեւորականին համար»։ Դժբախտաբար, այսօր, ահաւոր իրողութիւն մըն է հաստատել թէ՝ մեր բարձրաստիճան եկեղեցականներուն մեծամասնութիւնը, արծաթապաշտ է, եւ՝ մեծ ունեւոր, ո՛չ չքաւոր…։ Եւ Ոսկան Մխիթարեան հրապարակած է անոնց անուանացանկը, որ կ՚ընդգրկէ… կաթողիկոսներ եւ արքեպիսկոպոսներ…։

Եւ՝ Խորխէ Մարիօ Պերկոլիօ Արքեպիսկոպոսը ընտրած է Ս. Ֆրանչիսկոս Ասսիզացիին անունը, քանի որ Ասսիզացին հրաժարած էր իր մեծահարուստ հօր ժառանգութենէն, նախընտրելով՝ ըլլալ չունեւոր հոգեւորական, եւ՝ մուրալով իր հաւաքած գումարները բաշխել չունեւորներուն։ Վարդապետ Կռանեան՝ նախընտրեց մարդ մնալ, վարդապետի աստիճանին վրայ, հրաժարելով՝ իր եկեղեցական աստիճանը ճոխ ու փարթամ կենցաղի յղփանքին ծառայեցնելէ, քանի որ ուխտած էր ծառայել ժողովուրդին։ Հետեւաբար, հեռու մնաց իր աստիճանը բարձրացնելու փորձութենէն, փառատենչութիւնը եւ արծաթասիրութիւնը չունեցաւ բարձրանալու՝ եկեղեցւոյ նուիրապետութեան իշխանական կարգի աստիճաններէն, հետեւելով՝ հազարամեակ մը առաջ, Հայ Թոնտրակեան բարենորոգչական յեղափոխութեան սկզբունքներուն, եւ՝ մնաց վարդապետ, որպէսզի ստիպուած չըլլայ զիջումներ կատարելու իր առաքելութենէն՝ եկեղեցւոյ էսթապլիշմէնթին գերադաս իշխանաւորներուն պահանջով։

Անմահն Կոմիտասն ալ միայն՝ վարդապետ մըն էր։ Եւ վարդապետի աստիճանին գերադրական հեղինակութիւնը կրցաւ բացայայտել մեծատաղանդ Պարոյր Սեւակը՝ շքեղօրէն, իր «Անլռելի Զանգակատուն» պոէմային մէջ, որուն ազդեցութեան տակ, եւ՝ ամէն անգամ որ լսեմ վարդապետ բառը, Հայր Անդրանիկ Կռանեանն ալ կը յիշեմ «Հայ դարերուն դիմաց կեցող ադամանդեայ ապառաժ» Մեսրոպ Մաշտոցի հետ միասին, որ լոկ վարդապետ մըն էր…, բայց իր տքնաջան միտքի լարումով, գտած էր հայ ժողովուրդին ինքնուրոյնութիւնը ապահովող հայկական ինքնուրոյն եւ հարուստ Այբուբենը… դասուելով՝ մեր եկեղեցական քահանայապետէն ալ բարձր աստիճանի վրայ։ Որովհետեւ՝ մարդոց գործն է անմահ, ո՛չ աստիճանը…։

Վարդապետ Կռանեան մնաց ծառայասէր ու չունեւոր, բայց հարուստ՝ իր ժողովուրդին նուիրածներով, որոնք անմոռանալի հետքեր ձգեցին լիբանանահայութեան հասարակական ու հոգեւոր կեանքի պատմութեան մէջ, ինչպէս կը պահանջէր Յիսուս՝ Ֆրանչիսկոս Պապի վկայութեամբ։

Խոնարհելով Վարդապետ Կռանեանի թողած լուսաւոր հետքերուն անշեղ յիշատակի ատրուշանին առջեւ, երախտագիտութեամբ կ՚ըսեմ՝ վարձքդ կատար «ասսիզացի» Հայ Վարդապետ։

 

Մեթր Գ. Տէրտէրեան

 Պէյրութ, 28 Փետրուար 2018