image

Լեզուական ծուղակներ (3)

Լեզուական ծուղակներ (3)

Կը շարունակենք մնալ գրաբարի չիմացութենէն յառաջացած սխալներու ծիրին մէջ. այսօր պիտի տեսնենք յետայսու եւ այսուհետեւ զոյգը, ես ալ չեմ յիշեր, թէ քանի՞երորդ անգամն է այս՝ հետեւելով օրինակին  աստուածաշնչական  այրի կնոջ, որ երկար ու բազմիցս թակելով դատաւորին դուռը, օր մըն ալ բաց գտաւ զայն ու գոհացում ստացաւ իր խնդրանքին:

            ***Այսուհետեւ-յետայսու

            Ինչպէս ըսի նախորդ յօդուածիս մէջ, մեր արդի լեզուն հազար թելերով կապուած է հեռաւոր գրաբարին, ինչ որ հարստութեան իսկական աղբիւր մըն է. ճիշդ եւ ժուժկալ կիրարկութիւնը այդ տարրերուն մեծապէս կը գեղեցկացնէ աշխարհաբարը՝ ուրոյն վայելչութիւն մը եւ  հրապոյր մը տալով անոր: Սակայն դժբախտաբար միշտ չէ որ ակնկալուած արդիւնքը կը ստանանք, եւ պատճառը միշտ նոյնն է. սխալ եւ շփոթ մեկնութիւններ եւ կիրարկութիւններ, որոնք  կը պղտորեն մեր լեզուն, մեր տրամադրութիւնը եւս:

            Այս տեսանկիւնէն յատուկ տեղ մը ունի յետայսու կոչեցեալը:

                                                                                  *  *  *

            Գրաբարը ունէր ժամանակային մակբայներու հետեւեալ յարացոյցը՝

                        այսուհետեւ                այդուհետեւ                այնուհետեւ   

որոնց աշխարհաբար թարգմանութիւնն է ասկէ ետք, ատկէ ետք, անկէ ետք, որոնք բոլորիդ ծանօթ են: Բայց ահա այս վերջինները  կիրարկելու փոխարէն՝ մարդ յաճախ կը տարուի գրաբարին դիմելու, այն նոյն նպատակով, որուն ակնարկեցի. գրաբարը աւելի  վայելուչ ու գրաւիչ կը թուի: Սակայն...փոխանակ այսուհետեւ-ին՝ ան  կը գրէ յետայսու, ճիշդ այծին պէս, որ տուած կաթը ոտքի մէկ հարուածով կը շրջէ ու կը թափէ: Եւ այծին պէս ալ անգիտակից...

            Այո, անգիտակից: Մանաւանդ այն պարագային, երբ զայն գործածողը Երեւանի պետական համալսարանի բանասիրական ինստիտուտի[1] մագիստրոս է: Չես կրնար մտովի չըսել՝ «ա՞յս է սորվածդ  ու գիտցածդ»:

            Որովհետեւ յետայսու-ն հայերէն չէ: Եւ ինչո՞ւ հայերէն չէ: Այլ հարց, թէ ԵՊՀ-ի դասախօսներ եւ  արեւելահայ  կարգ մը  մտաւորականներ  յաճախադէպ կը կիրարկեն զայն՝ բանաւոր թէ գրաւոր խօսքի մէջ:

            Ահա  համատարած  չարիք մը, որ կը միացնէ համայն հայութիւնը՝ առանց սեռի, տարիքի ու կրթութեան խտրութեան: Վասնզի ամէն տեղ է ան:

            Յետ արմատը, իբրեւ նախադրութիւն,– որուն օրինակներով ակնարկեցինք նախորդ յօդուածիս մէջ,–   կը պահանջէ սեռական հոլով խնդիր. այինքն՝ յետ-ը կրող գոյականը պէտք է սեռական հոլով դրուի. օրինակ՝ յետ մահու, յետ պատերազմի, յետ զինադադարի, յետ հաշտութեան, յետ  խորհրդակցութեան եւ այլն: 

            Սխալ կաղապարի իւրացումը, կը կարծեմ, կը սկսի ասոնց առաջինէն՝ յետ մահու-էն:

            Այսինքն՝ այս շատ  կենսունակ բառակապակցութիւնը կը թելադրէ աշխարհաբարեան հոսհոսներուն, որ իրենց կարգին  «խաշուած հայերէնով» ըսեն՝ յետայսու (կամ՝ յետ այսու):

            Սակայն  այսպիսիները չեն անդրադառնար, որ եթէ մահու սեռական է,  ապա այսու սեռական չէ, այլ...գործիական է: Ուրեմն մենք կ’ուզենք յետ  նախադրութիւնը  համաձայնեցնել  իրեն անյարիր հոլովով մը, ինչ որ կը մերժէ լեզուն: 

            Ենթադրեցէ՛ք, որ ըսէինք՝ յետ մահով,  յետ  պատերազմով, յետ  խորհրդակցութեամբ...

            Յետ այսու-ն ճիշդ ասոնց նմանակն է. կը նշանակէ՝ յետ ասով:

            Ծանօթ.– Գրաբարի մէջ մեծաթիւ գոյականներ՝ հասարակ թէ յատուկ, ու  ձայնաւորով կը կազմեն թէ՛ իրենց սեռականն ու տրականը, թէ՛ գործիականը. օրինակներ՝ աղուէս-աղուիսու, առեւծ-առիւծու, արջ-արջու... ագռաւ, այգ, առաւօտ, ժամ, ուրբաթ, արեւ, գանձ, խրխատ, ծաղր, ծով, ճակատ, մեղր, նախանձ, վրէժ, Աբրահամ, Խոսրով,  Ղուկաս,  Յովհաննէս,  Յորդանան,  Մարիամ,  Յովսէփ եւ այլն:[2]

            Ոմանց չար բախտէն՝ աս-ին սեռականը  այսր եւ այսորիկ է, ուրեմն՝ պարտէինք ըսել յետ այսր կամ յետ այսորիկ...բայց իրապա՞շտ է կառչիլ նման կառոյցներու, որոնք որեւէ ատեն մաս չեն կազմած աշխարհաբարին:

            Թելադրելին այն է, որ կիրարկենք  աշխարհաբար հոմանիշները՝  ասկէ ետք, ատկէ ետք, անկէ ետք, որոնք  շատ կոկիկ ու ապահով կառոյցներ են, փոխանակ...մեզի անծանօթ արօտներու մէջ զառածելու եւ անծանօթ դալարիք ճարակելու:        

            Այլապէս՝ ըսենք ու գրենք այսուհետեւ, եւ ոչ թէ յետայսու:         

                                                                                       * * *    

            2. Եղիշէ պատմիչը ունի պատգամ  մը, որ շատ սիրուած է յետնորդներուս կողմէ, եւ յաճախ առիթ կը գտնենք զայն արտասանելու ու...գրելու:  Եւ որովհետեւ աարեւմտահայը կէտադրել շատ չի սիրեր եւ ընդհանրապէս ճիշդն ալ  չի գիտեր, ահա դուրս կու գան այլանդակ բաներ:

                        «Մահ ոչ-իմացեալ մահ է,

                        «Մահ  իմացեալ անմահութիւն է»:   

            Կը գրէ ու կը մեկնաբանէ զայն ըստ աշխարհաբարեան լեզուամտածողութեան, ուր ածականը կը դրուի գոյականին սկիզբը, ուստի զայն կ’ըմբռնէ սապէս՝

            ա) Մահը անիմանալի մահ է...,– ինչ որ ոչի՛նչ կը նշանակէ:

            բ)   Մահը իմանալի  անմահութիւն է...,– ա՛յս ալ ոչինչ կը նշանակէ:

            Փորձեցէ՛ք իմաստ մը դնել այս երկու թարգմանութիւններուն մէջ, եւ պիտի նկատէք, որ չկա՜յ այդպիսին: Չկայ, որովհետեւ չունի՜ն...[3]

            Հիմա պատշաճօրէն կէտադրենք զայն Եղիշէի,  իմա՝ գրաբարեան մտածողութեամբ[4]

                        «Մահ ոչ-իմացեալ՝ մահ է,

                        «Մահ իմացեալ՝ անմահութիւն է»:

            Որ կը նշանակէ՝

            ա)  Չգիտակցուած մահը  իսկական մահ  է: Այսինքն՝ եթէ մահը գիտակցաբար չէ ընկալուած է, ապա ան իսկական մահ  է, ճիշդ ինչպէս կը մեռնին կենդանին ու բոյսը:

            բ )  Իսկ եթէ մահը գիտակցաբար ընդունուած է, ապա ան անմահութիւն  է:   

            Վարդան եւ իր զինակիցները կը յարէին այս երկրորդին. անոնք մահը գիտակցաբար ընդունած էին, հետեւաբար  անմահութեան դափնիին արժանացան՝ իբրեւ նահատակներ: Նահատակը այն է, որ իտէալի մը համար յանձն կ’առնէ մահը,  ինչպէս Վարդանանք  առին:     

                                                                              *   *   *     

            3. La Bière

            Այս բառը ֆրանսերէնի  մէջ ունի երկու իմաստ՝  գարեջուր  եւ դագաղ:

            Չես գիտեր որո՛ւ մահուան առթիւ ֆրանսացի թղթակիցը  կը յայտնէ իր թերթին, որ «ննջեցեալին մարմինը դրին դագաղին մէջ»:  Հայ կորովաբիբ թղթակիցը,– արեւմտահայ ըսել կ’ուզուի անշուշտ,– առնելով այս լուրը,  կը փութայ գրել իր խմբագիրին,  թէ...«ննջեցեալին մարմինը դրին գարեջուրին մէջ»:

            Ինչպէս կը տեսնէք, անցած դարուն ունեցած ենք աւելի վառ ու խայտաբղէտ երեւակայութեամբ օժտուած լրագրողներ, այլեւ աւելի զուարթ հրապարակագրութիւն   մը:

            Երանելի՜ օրեր:

            Է՜հ, մեզ (արեւմտա)հայ են ասում...

Արմենակ Եղիայեան


                [1] Բաժանմունք

                2. Ըստ այսմ՝ մահու հաւասարապէս  սեռական, տրական եւ գործիական է:

                Սակայն «յետ մահու»   բառակապակցութեան մէջ ան սեռական հոլով  կիրարկուած է:

                3. Այս թերի մեկնաբանութեան պատճառը ա՛յն է, որ արդի հայը   «ոչ   իմացեալ»  եւ «իմացեալ» որոշիչները կը կապէ  յաջորդող մահ-ին եւ անմահութիւն-ին, ինչպէս կը թելադրէ աշխարհաբարը, ուր որոշիչը կը դրուի որոշեալէն առաջ:

                4.   Ուր որոշիչները կը դրուին բո՛ւն  որոշեալներէն ետք, այսինքն՝ հակառակ դիրքով: