image

Իրաքի դէպքերուն ընթացքին զոհերու թիւը հասած է 600-ի. Իրաքի նախագահ

Իրաքի դէպքերուն ընթացքին զոհերու թիւը հասած է 600-ի. Իրաքի նախագահ

Իրաքի նախագահ Պարհամ Սալեհը յայտարարած է, որ հոկտեմբերի սկիզբէն ընթացող ցոյցերու հետեւանքով երկրին մէջ մահացած է աւելի քան 600 մարդ: Այս մասին ան խօսած է Տաւոսի մէջ տեղի ունեցող Համաշխարհային տնտեսական համաժողովին ունեցած ելոյթի ժամանակ: Կը փոխանցէ «Ռիա Նովոսթի»ն:

«Ցաւալի է եւ ամօթալի, որ բռնի գործողութիւններու հետեւանքով մահացած է 600 անմեղ ու երիտասարդ ցուցարար: Ես կը դատապարտեմ նմանատիպ յանցագործութիւնները, օրինազանցները վաղ թէ ուշ պիտի ենթարկուին պատասխանատւութեան»,- ըսած է Իրաքի նախագահը:

Իրաքի մէջ 1 հոկտեմբերէն սկիզբ առած բողոքի ցոյցերու շրջածիրէն ներս կան նաեւ հազարաւոր վիրաւորներ: Ցուցարարները սկիզբը կը պահանջէին լուծել երիտասարդութեան գործազրկութեան հարցն ու պայքարիլ փտածութեան դէմ, սակայն յետոյ արդէն հանդէս եկան իշխանական կազմի՝ մասնաւորապէս կառավարութեան փոփոխութեան պահանջով: