image

ԱՄՆ Արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսըն պաշտօնազրկուած է

ԱՄՆ Արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսըն պաշտօնազրկուած է

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամբ երէկ պաշտօնազրկած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսընը եւ այդ պաշտօնին նշանակեց CIA-ի տնօրէն Մայք Փոմփէոն:Այս մասին կը հաղորդէ «Ալ-Տիար», նշելով, որ Թրամբ խօսելով  Թիլըրսընին պաշտօնանակ ընելու մասին, յայտած է, որ պատճառը տարբեր հարցերու շուրջ իրենց միջեւ առկայ անհամաձայնութիւնն է, յատկապէս Իրանի միջուկայինի թղթածրարին վերաբերեալ:

CIA-ի տնօրէն նշանակուած է ահաբեկչութեան դէմ պայքարի մասնագէտ, CIA-ի փոխտնօրէն Ճինա Հասփըլ:

Նշենք, որ առաջին անգամ ըլլաով է,  որ կին մը կը ստանձնէ այս պաշտօնը: