image

«Համաս»ի «շարժիչ ուժ»ը Պէյրութ կը գտնուի եւ անմիջական կապի մէջ է Նասրալլայի հետ

«Համաս»ի «շարժիչ ուժ»ը Պէյրութ կը գտնուի եւ անմիջական կապի մէջ է Նասրալլայի հետ

Ամերիկեան «The Monitor» կայքը վերլուծաբան Ալի Հաշէմի յօդուածը հրապարակած է, ուր վերջինս անդրադարձած է «Համաս»ի երկրորդ այր ու անոր ռազմական գործողութիւններու շարժոչ ուժը համարուող Սալէհ Ալ Արուրիի անցնող քանի մը ամիսներու ընթացքին երկրորդ անգամ ըլլալով Թեհրան կատարած այցին, շեշտելով, որ Սուրիոյ պատերազմի աւարտը մօտենալուն հետ «Համաս» կը փորձէ աւելի մերձենալ Իրանի ու «Հըզպալլա»ի հետ:

Յօդուածագիրը կարծիք յայտնած է, որ «Համաս»ի ղեկավարին Թեհրան կատարած այցը նոր բնոյթ հաղորդած է երկու կողմերու յարաբերութիւններուն, միաժամանակ շեշտելով, որ «Համաս» իր հին-նոր դաշնակիցներուն հետ հակամարտութեան նոր նախագիծ ու ռազմավարութիւն կը մշակեն:

Անդրադառնալով Արուրիի եւ Նասրալլայի հանդիպման, Ալի Հաշէմ նշած է, որ «Համաս»ի նորընտիր վարչակարգի եւ «Հըզպալլա»ի յարաբերութիւններն առաւել սերտացած են, բան մը, որ կ'ապացուցուի Արուրիի Պէյրութ տեղափոխուելով ու այնտեղ բնակութիւն հաստատելով:

Ըստ Հաշէմի վերլուծութեան, «Հըզպալլա» ներկայիս կը ձգտի վերստին տիրանալ Պաղեստինի մէջ գլխաւոր դերակատարի դիրքին: