image

Երկորդ նախագահ Քոչարեանը տեղափոխուած է «Երեւան-Կեդրոն» քրէակատարողական հիմնարկ

Երկորդ նախագահ Քոչարեանը տեղափոխուած է «Երեւան-Կեդրոն» քրէակատարողական հիմնարկ

«Էրեբունի» բժշկական կեդրոնին մէջ բուժում ստանալէ ետք այսօր առաւօտեան ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանը տեղափոխուած է «Երեւան-Կեդրոն» քրէակատարողական հիմնարկ։

Փաստաբանական խումբէն կը տեղեկացնեն, որ բժիշկները անոր առողջական վիճակին մէջ շարժ արձանագրած են, սակայն փաստած են, որ Ռոպերթ Քոչարեանը այս պահուն բժիշկի մշտական վերահսկողութեան եւ յետագայ բուժման կարիք ունի։

Փաստաբանական խումբը կը քննարկէ ստեղծուած համաճարակային իրավիճակի մէջ Ռոպերթ Քոչարեանին ՔԿՀ տեղափոխելու նպատակայարմարութեան եւ անոր առողջութեան անվտանգութեան հարցը։ Այս պահուն նաեւ առկայ է բժշկական փաստաթուղթերու ուսումնասիրութեան անհրաժեշտութիւնը։

«Արդէն իսկ յայտնի է, ՔԿ համակարգի մէջ առկայ են «Քորոնա» ժահրային վարակի հաստատուած դէպքեր, իսկ քննութիւններ բաւարար չափով չեն յանձնուիր։ Հաշուի առնելով այդ, պաշտպանները կը գտնեն, որ նման պայմաններու մէջ Ռոպերթ Քոչարեանի առողջական վիճակը թոյլ չի տար, որ նա պահուի ՔԿՀ-ի մէջ, ուր աշխատակիցները դեռ չեն յանձնած «Քորոնա» ժահրի քննութիւն։

Հարկ կը համարենք ընդգծել, որ Փաստաբանական խումբը Ռոպերթ Քոչարեանի առողջական վիճակին վերաբերող մանրամասն տեղեկատւութիւն՝ բժշկական եզրակացութիւն, ստացած բուժում, պիտի չհրապարակէ, քանի որ այն խիստ անձնական տեղեկութիւն է եւ բժշկական գաղտնիք»,-նշուած է փաստաբանական խումբի տարածած յայտարարութեան մէջ։