Երէկ Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ վայրէջք կատարած է Ryanair-ի Միլան-Երեւան- Միլան թռիչքի առաջին օդանաւը:
Ժամանած հիւրերը օդակայանին մէջ դիմաւորած են Հայաստանի Քաղաքացիական օդագնացութեան կոմիտէի նախագահ Տաթեւիկ Ռեւազեանը եւ ՀՀ տնտեսութեան նախարարութեան Զբօսաշրջութեան կոմիտէի ղեկավար Սուսաննա Սաֆարեանը:
Պիւտճէթային Ryanair ընկերութիւնը Յունուար 3-ին սկսած է տոմսերու վաճառքը եւս 2 նոր ուղղութիւններու համար` Գիւմրի-Աթենք եւ Երեւան-Սալոնիք: Տաթեւիկ Ռեւազեանը յայտնած է նաեւ, որ Հայաստանն աշխարհի հետ պիտի կապուի ոչ թէ 7, այլ 17 նոր ուղղութիւններով։
Օդանաւային ընկերութիւնը դէպի Երեւան թռիչք իրականացուցած է նաեւ Հռոմէն, որ ժամանած է երէկգիշեր:
Նշենք նաեւ, որ Իտալիոյ Օդային երթեւեկութեան կառավարման որոշ արհմիութիւններ երէկ 4 ժամ տեւողութեամբ գործադուլ յայտարարած էին, որուն հետեւանքով յետաձգուած էր թռիչքի ժամը: