image

Էջմիածինի մէջ կը ցուցադրուի Աստուածամուխ Սուրբ Գեղարդը

Էջմիածինի մէջ կը ցուցադրուի Աստուածամուխ Սուրբ Գեղարդը

Էջմիածինի մէջ կը ցուցադրուի Աստուածամուխ Սուրբ Գեղարդը:

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օրհնութեամբ 7 յուլիսին հաւատացեալներու երկրպագութեան համար դուրս բերուած է Աստուածամուխ Սուրբ Գեղարդը: 

Ս. Գեղարդը Միածնաէջ Մայր Տաճարին մէջ պիտի մնայ ժամը 11:00-էն մինչեւ Երեկոյան ժամերգութեան աւարտը:

Յիշեցնենք, որ երէկ Մայր Աթոռի Դիւանատան մէջ լարուած իրավիճակ ստեղծուած էր: Ցուցարարները ներխուժած էին Դիւանատուն եւ պահանջած էին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հրաժարականը:

Ցուցարարները կը պահանջէին ցոյց տալ Սուրբ Գեղարդը՝ պնդելով, որ այն վաճառուած է, իսկ Արշակ Սրբազանն ըսած է, որ չէ վաճառուած. «Գեղարդը չի վաճառուել, նրա մի մասը կտրուել եւ նուիրուել է ռուս քաղաքապետին»: