image
Հրատապ լուրեր:

Հալէպի ՍԴՀԿ-ն Վարիչ Մարմինը առաջադրեց Շահէ Մինասեանի թեկնածուութիւնը

Հալէպի ՍԴՀԿ-ն Վարիչ Մարմինը առաջադրեց Շահէ Մինասեանի թեկնածուութիւնը

Սուրիոյ  մէջ  յառաջիկայ ապրիլին տեղի ունենալիք երեսփոխանական ընտրութիւններուն   ՍԴՀԿ  Հալէպի  Վարիչ  Մարմինը  առաջադրած է  Շահէ  Մինասեանի թեկնածուութիւնը: Այս մասին «Արեւելք»   տեղեկութիւն ստացաւ Հալէպի  իր  աղբիւրէն: Մեր աղբիւրը նաեւ նշեց, որ  Շահէ Մինասեան    անդամ է  ՍԴՀԿ  Հալէպի Վարիչ  Մարմնին:   Յիշեցնենք, որ տարբեր աղբիւրներ  կը   յայտնեն, որ   յառաջիկայ    ընտրութիւններուն   Հալէպի    հայկական  աթոռներուն համար  իրենց թեկնածուութիւնը  առաջադրած են    10  այլ թեկնածուներ,  սակայն մինչեւ այս պահը  թեկնածուներուն  ինքնութեան    մասին պաշտօնական    յայտարարութիւն չէ    եղած: Այսպիսով Շահէ Մինասեանի անունը  կը դառնայ  առաջինը, որպէս      յառաջիկայ ընտրութիւններուն   ՍԴՀԿ-ն  ներկայացնող թեկնածու: