«Այս ամենածանր եւ տագնապալի օրերուն որոշած եմ ամէն գնով զօրավիգ կանգնիլ սուրիական հայրենիքին»,- «Արեւելք»ին ըսաւ Երատօ Գրիգորեան: Դամասկոս ապրող լրագրողուհին նաեւ նշեց, որ յառաջիկայ ապրիլին Սուրիոյ մէջ կայացուելիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն իր թեկնածու առաջադրուիլը եղած է անհատական նախաձեռնութեամբ: «Սուրիոյ յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն թեկնածութիւնս առաջադրելու թելադրանքը կը բխի սուրիական հայրենիքի հանդէպ ունեցած պարտականութիւններուս թելադրականութիւնէն»,-ըսաւ ան նկատել տալով, որ «ցանկութիւնս է, իմ հնարաւորութեանս չափով, շարունակել այդ ուղին, նամանաւանդ Սուրիոյ համար այս ամենածանր եւ տագնապալի օրերուն»: Երատօ Գրիգորեան նաեւ նշեց, թէ ինք անդամ է «հայ-արաբական Միջազգային Իրաւական Խորհուրդին», ինչպէս նաեւ որպէս լրագրող մինչեւ օրս կը պաշտօնավարէ Սուրիոյ պետական հեռուստաընկերութեան մէջ: Մեր խօսակիցը նաեւ յայտնեց, որ իր թեկնածու դառնալու հանգամանքը անկախ նախաձեռնութեան մը արդիւնք է: Երատօ Գրիգորեան խօսելով Դամասկոսի հայկական համայնքի մասին նկատել տուաւ, որ այսօր Դամասկոսի քաղաքական որոշում կայացնող միասնական հայ մարմին մը կամ կողմ մը չկայ: Ան այս առումով ըսաւ «Դամասկոսի մէջ Հայ պատասխանատու մարմիններ չունինք, որոնք խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասնակից թեկնածուներ առաջադրեն, որոշում կայացնեն, կամ Հայաստանի դեսպանութեան եւ կրօնական իշխանութեան կարծիքը արտայայտեն», նշելով նաեւ, թէ ինք իր թեկնածուութիւնը առաջադրած է օգտուելով Սուրիոյ ազգային սահմանադրութեան ընձեռած առիթէն: Խօսելով Դամասկոսէն եւ Հալէպէն յառաջիկայ ընտրութիւններուն իրենց թեկնածուութիւնը դրած հայերու մասին, ան ըսաւ «ներկայ պահուս առաջադրուած են հինգ դամասկահայեր եւ տասնհինգէն աւելի հալէպահայ թեկնածուներ կան»: Երատօ Գրիգորեան յիշեցուց, որ յառաջիկայ ընտրութիւններուն ինք պիտի մասնակցի այլ հայ թեկնածու Վահէ Մահշիկեանի հետ կնքուած դաշինքով մը եւ այս առումով ըսաւ «Ես ու Հայ-Արաբական Միջազգային Իրաւական Խորհուրդին գլխաւոր քարտուղար պրն. Վահէ Մահշիկեանը դաշնակիցներ ենք եւ Դամասկոսի անկախ ցանկին մէջ, տեղացի այլ թեկնածուներու հետ միասին պիտի տանինք ընտրապայքարը»: Աւարտին մեր խօսակիցը յայտնեց, թէ իրենք վստահ են իրենց յաղթանակէն. «Մենք յոյսով ենք, որ երկուքս ալ ջախջախիչ ձայներով յաղթանակ կը տանինք եւ կը մտնենք խորհրդարան»: Նշենք, որ «Արեւելք»ի դամասկահայ լրագրող Երատօ Գրիգորեանին հետ կատարած հարցազրոյցին ամբողջութիւնը պիտի տեղադրենք աւելի ուշ կայքի «Հարցազրոյց» բաժնին մէջ: