image
Հրատապ լուրեր:

«Արցախեան պատերազմին ընթացքին Եւրոպան երկար ժամանակով լռութիւն պահեց» Գերմանիոյ Թեմի Առաջնորդ

«Արցախեան պատերազմին ընթացքին Եւրոպան երկար ժամանակով  լռութիւն պահեց» Գերմանիոյ Թեմի Առաջնորդ

Գերմանիոյ Հայոց Թեմի առաջնորդ Տ. Սերովբէ եպս. Իսախանեան վերջերս ուշագրաւ եւ ընդգրկուն հարցազրոյց մը տուած է գերմանական «Die Welt» օրաթերթին:

 

 Ստորեւ թարգմանաբար «Արեւելք» իր ընթերցողներու ուշադրութեան կը յանձնէ Գերմանիոյ Թեմի Հայոց Առաջնորդ Տ. Սերովբէ եպս. Իսախանեանին  գերմանական առաջատար թերթերէն համարուող «Die Welt» թերթին տրուած հարցազրոյցի կարեւոր մտքերը։

 Սրբազան հայրը  նշած է, որ Արցախը  կարեւոր է հայ ժողովուրդին համար, ու նաեւ կը համարուի  Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ  դարաւոր  արժէքները պահպանող կեդրոն մը։

Ան պատմական ակնարկով մը անդրադարձած է Արցախի հարցին եւ հայ ժողովուրդի պատմութեան, թէ ինչպէս եւ ինչու հայ ժողովուրդը համաձայն չէ եղած Արցախը Ատրպէյճանին տրուելուն, Արցախի Ատրէպէճանի կազմին մէջ ըլլալու իրավիճակին: Ան բացատրած է, որ թէեւ 1921 թուականէն արդէն շուրջ 90 տոկոս հայութիւն կ'ապրէր այնտեղ, Սովետական շրջանին ալ, այդ տոկոսը եղած է բարձր, յիշեցնելով  որ հայ ժողովուրդը միշտ դիմումներ կատարած է Մոսկուայի վերին իշխանութեան, որպէսզի Արցախը վերամիաւորուի Հայաստանին, որովհետեւ միշտ վտանգը զգացած է, յատկապէս աչքի առաջ ունենալով Նախիջեւանի օրինակը։ Ան նաեւ ըսած է, որ Ատրպէյճան ամբողջովին ջնջած է հայկական հետքերը Նախիջեւանի մէջ,  եւ այդ պատճառով ալ Ղարաբաղի հայերը նոյնպէս այդ վտանգը զգացած են, որ անկախ Ատրպէյճանի կազմին մէջ Արցախը շատ արագ ձեւով կ'ատրպէյճանացուի, մանաւանդ որ արդէն Խորհրդային շրջանին այնտեղ հայ բնակչութեան թիւը, որ 93-94 տոկոս էր, իջած էր մինչեւ 72- 74 տոկոսի, մինչ նոյն ժամանակին մէջ ազերի բնակիչներու թիւը 5-6 տոկոսէն բարձրացած էր մինչեւ 23-24 տոկոսի:

Գերմանական թերթի՝ ներումի մասին վերաբերող հարցին, կարեւր Տ. Սերովբէ Իսախանեան պարզաբանած է, որ, այո՛, ներումը քրիստոնէութեան համար շատ էական է, բայց հայ ժողովուրդին վէրքեր թարմ են եւ դեռ կարիւնին, ուստի հիմա ճիշդ ժամանակը չէ ներումի մասին խօսելու, մանաւանդ երբ դեռ Ատրպէճանը ինքզինքը յաղթական կը ներկայացնէ, իսկ հայ ժողովուրդին՝ իբրեւ պարտուած եւ արժէզրկուած ժողովուրդ։

 Սրբազան հայրը ըսած է, որ որպէսզի ներում տեղի ունենայ, նախ Ատրպէյճանը պէտք է իջնէ իր յաղթանակ տարածի քորոզամտութենէն եւ ետքը, նուազագոյնը որ պէտք է ընէ՝ Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար հանրապետութեան տարածքին մէջ ընդունի Արցախի հայութեան ինքնորոշման իրաւունքը. Ան ընդգծած է, որ առանց այդ իրաւունքը ճանչնալու եւ առանց արդարութեան վերականգնումի, ներում տեղի չի կրնար ունենալ: Շարունակելով միտքը, Սերովբէ սրբազան ընդգծած է, որ՝ «ոչ մէկը իրաւունք ունի ժողովուրդին ձեռքէն ինքնապաշտպանութեան իրաւունքը առնելու եւ հայ ժողովուրդի պարագային, Արցախի մէջ պատերազմի ժամանակ կար նաեւ մեր ժողովուրդի ֆիզիքական գոյութեան եւ նաեւ մեր ամբողջ պատմական ժառանգութեան պահպանութեան հարցը, եւ այդ իմաստով, մեր ժողովուրդը իրաւունք ունէր ինքզինքը պաշտպանելու»։

Խօսք պատերազմի կասեցման մէջ Եւրոպական ընտանիքի դերին մասին, սրբազանը յայտնած է, որ պատերազմի ընթացքին Եւրոպան երկար ժամանակ աչք գոցեց ատրպէյճանական եւ թրքական պատերազմային ոճրագործութիւններուն վրայ եւ այդ մէկը, անոնց ուժ տուաւ, որպէսզի Էրտողան եւ Ալիեւ շարունակեն իրենց սեւ գործը, եւ այսօր, թէեւ Եւրոպան միշտ կը յայտարարէր որ Արցախի հարցը բռնի ուժով լուծելը անկարելի է, Ատրպէյճանն ու Թուրքիան կը յայտարարեն, որ իրենք Արցախի հարցը արդէն լուծած են եւ լուծած են պատերազմի միջոցով: