image
Հրատապ լուրեր:

Հարիւրաւոր ահաբեկիչ զինեալներ միացած են հայ-ատրպէյճանական հակամարտութեան. The Wall Street Journal-ի անդրադարձը

Հարիւրաւոր ահաբեկիչ զինեալներ միացած են հայ-ատրպէյճանական հակամարտութեան. The Wall Street Journal-ի անդրադարձը

Ատրպէյճանի կողմէն հայերու դէմ կռուող սուրիացի վարձկաններու մասին հերթական յօդուած հրապարակած է ամերիկեան The Wall Street Journal պարբերականը: Յօդուածին մէջ նշուած է, որ Թուրքիոյ հետ կապուած հարիւրաւոր սուրիացի զինեալներ մասնակցած են Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ մարտերուն:

Ըստ պարբերականին՝ դեռ հարիւրաւոր ահաբեկիչներ ալ կը պատրաստուին մեկնիլ: Այս մասին The Wall Street Journal-ին յայտնած են Սուրիոյ զինեալներու տեղափոխման հետ առնչութիւն ունեցող աղբիւրները: Վերջիններս յայտնած են, որ դեռ յուլիսին Սուրիոյ ապստամբ խմբաւորումներուն մէջ տեղեկութիւններ տարածուած են, որ Թուրքիան զինեալներ կը հաւաքագրէ ռազմական գործողութիւններու մասնակցելու համար: Իսկ սեպտեմբերի կէսէն ետք հաւաքագրուած զինեալները սկսած են ուղարկել Ատրպէյճան՝ ամէն անգամ 100-ական մարդ:

Պարբերականը մեջբերած է սուրիացի ապստամբներէն մէկու խօսքերը, ըստ որու՝ Լեռնային Ղարաբաղ մեկնող զինեալները կը ստանան ամսական 2 հազար տոլար: Մէկ այլ աղբիւր յայտնած է, որ սուրիացի զինեալներու շարքերէն ներս կորուստները արագ կ'աճին, եւ շուրջ 200 սուրիացի վերադառնալու դիմում ներկայացուցած է: Ըստ պարբերականին՝ դեռ հարիւրաւոր ահաբեկիչներ ալ կը պատրաստուին մեկնիլ:

The Wall Street Journal-ը նաեւ կը հաղորդէ, որ Թուրքիան Ատրպէյճանի մէջ երկու շաբաթով զօրավարժութիւններ կատարած է եւ «Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն տրամադրած է հարուածային անօդաչուներ»: Պարբերականը նշած է, որ ըստ ԱՄՆ-ի պաշտպանութեան նախարարութեան տուեալներուն, Թուրքիան աւելի վաղ Սուրիայէն շուրջ 5000 զինեալ ուղարկած էր Լիպիա:

«Լիպիա կամ Ատրպէյճան ուղարկուիլը դարձած է սովորական երեւոյթ: Մարդոց համար արդէն միեւնոյնն է, թէ ինչի համար կամ որու դէմ կը կռուին, հիմա անոնք միայն փողի մասին կը հարցնեն: Անոնք կ'երթան այնտեղ, ուր փող կայ», – յայտնած է աղբիւրներէն մէկը:

Յօդուածը նաեւ նշած է, որ Թուրքիան կը հերքէ սուրիացի զինեալներ ուղարկելու մասին մեղադրանքները, իսկ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները կը ժխտեն այն, որ Լեռնային Ղարաբաղի մարտերուն վարձկաններ կը կռուին: