«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ Պէյրութի վերջին պայթումին հետեւանքով վիրաւորուած Սեպուհ Թորիկեան:
-Պայթումէն 40 օր ետք, ինչպիսի՞ն է իրավիճակը Պէյրութի մէջ, ի՞նչ են մտավախութիւնները, ժողովուրդը ի՞նչ կը մտածէ:
Պայթումէն մէկ ամիս անց, ժողովուրդին մեծ մասը տակաւին մելամաղձոտ է եւ վախի մէջ, որովհետեւ վստահութեան պակաս կայ երկրի պատասխանատուներուն հանդէպ: Երիտասարդ սերունդը թերեւս մէկ տարի է որ տագնապի մէջ է, մանաւանդ տնտեսական առումով, բայց մեր աւագ սերունդները արդէն 30 տարի է կը տառապին այս երկրի անկայուն վիճակէն:
-Որպէս երիտասարդ գործարար եւ այս պայթումէն վնասուած անձ, ի՞նչ իրավիճակի մէջ էք, գիտենք որ նիւթական մեծ վնասներ կան, արդեօք վերականգնելու յոյսեր ունի՞ք, ի՞նչ կը մտածէք:
Իբրեւ պայթումէն վնասուած անձ, այս պատահարը ինծի մտածել կու տայ այլեւս տարբեր դիրքորոշում ունենալ երկրի մասին, մասնաւորաբար այստեղ նոր ներդրում ընելու տեսակէտէն, ըլլայ նիւթական կամ ժամանակի առումով, որովհետեւ երկիրը այլեւս խաղաղ ապագայ ունենալու հեռանկար չի կրնար տալ: Այս մէկը ինծի մտածել կու տայ, թէ ուրիշ ինչ ուղիով պէտք է ծրագրեմ կեանքս, այնպէս մը, որ վտանգուած չըլլայ ոչ առողջութիւնս, ոչ ապագաս, եւ այդ մէկը Լիբանանի մէջ հնարաւոր չեմ տեսներ:
Իսկ վերականգնելու յոյսերը բնաւ չեն կտրուիր, մանաւանդ հայ երիտասարդի մը մօտ: Այսօրուան աշխարհը հնարաւորութիւն կու տայ, որ անձը զանազան ընտրութիւններ ունենայ իր կեանքին մէջ եւ փոխէ իր ուղին, ըլլայ այդ մէկը երկիրը փոխելով, գործը փոխելով, կամ ուղղակը բոլորովին ապրելակերպը փոխելով:
-Նախքան այս պայթումը ըլլալը, լիբանանահայ երիտասարդութեան կարեւոր հատուած մը արդէն կը մտածէր Լիբանանէն հեռանալու մասին, արդեօք պայթումէն ետք այդ ալիքը աւելի՞ պիտի սաստկանայ, կամ թէ՞ երիտասարդութիւնը այս դժուարութիւնը անցընելով պիտի յարմարի ստեղծուած վիճակին։
Տարիներէ ի վեր Լիբանանի երիտասարդութիւնը արդէն դժուարութիւն ունի գործ գտնելու, եւ այդ պատճառով մեծ թիւով երիտասարդներ սկսան գաղթել դէպի այն երկիրները, որոնք իրենց կու տան աշխատելու եւ ապրելու առիթներ, ներառեալ՝ Հայաստան: Պայթումէն ետք երկրէն դուրս ելլելու այդ ալիքը պիտի զօրանայ, այս անգամ ոչ միայն գործ գտնելու, այլ պարզապէս ապահովութիւն զգալու եւ խաղաղ կեանք ապրելու ձգտումով:
-Որպէս նախաձեռնող, գործարար երիտասարդ, յոյս ունի՞ք Լիբանանի ապագայի նկատմամբ եւ ինչո՞վ պայմանաւորուած է այդ յոյսը:
Լիբանանցիները միշտ լաւատես եւ յոյսով եղած են, մանաւանդ մեր երկրին վերականգնման նկատմամբ: Բայց իբրեւ գործարար, ես այլեւս յոյս եւ տրամադրութիւն չունիմ ներդրում ընելու անկայուն եւ անորոշ ապագայով քաղաքի մը մէջ: Միակ յոյսը որ ունիմ ընտանիքս եւ հարազատներս են եւ նոր ապագայ մը կառուցելը, անշուշտ Լիբանանէն մեկնելով է, որ պիտի ըլլայ։
-Պայթումին ընթացքին նաեւ նկատեցինք, որ գաղութը բաւական աշխոյժ քայլեր առաւ՝ կազմակերպուելու, ինքզինք գտնելու համար, ինչպէ՞ս կը գնահատես այդ քայլերը:
Լիբանանահայութիւնը, յատկապէս այսպիսի դժուարին պայմաններուն մէջ, յայտնի է եւ միշտ աչքի ինկած է աշխոյժ քայլեր ձեռնարկելու եւ բոլորին օգտակար դառնալու յատկութեամբ, եւ գաղութը տարիներէ ի վեր հայկական սփիւռքի ամենակազմակերպուած գաղութներէն է։
Ես անձնապէս այսօր ալ համայնքային այդ աշխոյժ հաստատութիւններուն աշխատանքով շատ լաւ տպաւորուեցայ, տեսնելով, թէ որքան ճիգ կը թափեն երկրին, ժողովուրդին, տուներուն եւ խանութներուն վերականգնման համար: