image

Պէյրութի մէջ բողոքի մեծ ցոյց ... եւ բախումներ

Պէյրութի  մէջ   բողոքի մեծ   ցոյց ... եւ բախումներ

 

Տասնեակ  ցուցարարներ փորձած են ներխուժել      խորհրդարանի  շէնքը, հատել փորձելով  բոլոր արգելքները։   
   

Հազարաւոր   լիբանանցիներ ուղղուած են  Պէյրութի կեդրոնական  շրջանը՝ մասնակցելու համար այսօր ընթացք   առած բողոքի   հաւաքին։

 Քաղաքացիներ,   որոնք  կը ներկայանան  առանց կուսակցական     լոզունքներու կամ   դրօշակներու կը պահանջեն  երկրի ամբողջ    քաղաքական վերնախաւին  հրաժարականը եւ հեռացումը։

 

 «Արեւելք» այս     տեղեկութիւնները ստացաւ «Էլ. Պի Սի.Այ.»  կայանէն, որ նաեւ հաղորդեց,  թէ տասնեակ  ցուցարարներ փորձած են ներխուժել    խորհրդարանի  շէնքը,  հատել փորձելով  բոլոր արգելքները։  Մերթ ընդ մերթ կը լսուին պայթուցիկ նիւթերու   ձայներ եւ  կը հաղորդուի նաեւ, որ ցուցարարներ  քարեր կը նետեն   ապահովական մարմիններու ներկայացուցիչներուն դէմ։

 Կան  վիրաւորներ  եւ իրավիճակը կը շարունակէ մնալ   լարուած։