image
Հրատապ լուրեր:

Լիբանանահայ երիտասարդները յանուն Տաւուշի. Օգնութիւններ Բերդի բնակիչներուն (Լուսանկարներ, Տեսանիւթ)

Լիբանանահայ երիտասարդները  յանուն Տաւուշի. Օգնութիւններ Բերդի բնակիչներուն (Լուսանկարներ, Տեսանիւթ)

Խումբ  մը  լիբանանահայ երիտասարդներ օրերս նախաձեռնութեամբ մը հանդէս գալով օժանդակութիւններ հասցուցած են Տաւուշի Բերդ համայնքի բնակիչներուն։

Այս մասին «Արեւելք»ին տեղեկացուց նախաձեռնութեան համակարգող եւ վերջերս Երեւան հաստատուած լիբանանահայ երիտասարդ՝ Նժդեհ Շահինեան։


Շահինեան, որ երէկ իր խումբ մը ընկերներուն հետ զուտ անհատական միջոցներով մեկնած էր Բերդ  քաղաք, նշեց, որ օժանդակութիւններ բաշխած են բերդցի ընտանիքներուն ու նախաձեռնութիւնը իրականացուցած են տեղի պատկան մարմիններուն հետ համագործակցելով։

«Մեր նպատակն է հասնիլ բոլոր կարիքաւոր ընտանիքներուն եւ մեր նախաձեռնութիւնը ոչ մէկ քաղաքական նպատակ կը հետապնդէ», «Արեւելք»ին խօսելով, ըսաւ Շահինեան, նշելով, որ ներկայ փուլին ամբողջ հայութեան ուշադրութեան կեդրոնն է Տաւուշը եւ այդ սահմանային շրջաններու հերոսական ժողովուրդը։

Ան նաեւ նշեց, որ նախաձեռնութեան նիւթական բաժինը հոգացած է ամերիկահայ Փափազեան ընտանիքը, ի յիշատակ իրենց զաւակներուն՝ Մարտիկի եւ Ռաֆֆիի: Աւելի ուշ նախաձեռնութեան միացած է ամերիկահայ երգիչ Սահակ Սիսլեան  եւ համայնքային աքթիւիստ Սերոբ Սրապեան։

Շահինեան նշեց, որ նախաձեռնութիւնը պիտի շարունակուի յառաջիկային ալ ու «Արեւելք»ի միջոցաւ կոչ ուղղեց բոլոր երիտասարդներուն (Սփիւռք,  Հայաստան եւ Արցախ)՝  միանալու իրենց անկախ նախաձեռնութեան։

Շահինեան եւ ընկերները այս առթիւ պատրաստած են կարճ տեսերիզ մը, որ կը ներկայացնենք ստորեւ։