Լիբանանի մէջ գրանցուած է «Քորոնա» ժահրի երրորդ պարագան։
Այս մասին լուրը հաղորդած է լրատուական կայքը նշելով, որ վարակակիրը Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան քաղաքացի է, որ օրեր առաջ Թեհրանէն ժամանած է Պէյրութ։
Կը նշուի նաեւ, որ հիւանդը փոխադրուած է «Ռաֆիք Հարիրիի» անուան հիւանդանոց, որ վերջերս յատուկ բաժին մը յատկացուցած է «Քորոնա»ով բռնուած հիւանդներուն։
Այսպիսով Լիբանանի մէջ «Քորոնա»ով վարակուած հիւանդներուն թիւը հասաւ 3-ի։