image

Անգամ մը եւս Հալէպի «Ազիզիյէ» շրջանի հրապարակին վրայ բոցավառեցան ՀՄՄ-ի տօնածառի լոյսերը

Անգամ մը եւս Հալէպի  «Ազիզիյէ» շրջանի  հրապարակին վրայ  բոցավառեցան ՀՄՄ-ի  տօնածառի   լոյսերը

Ինչպէս  աւանդութիւն  դարձած է, այս տարի  եւս եւ բաւական մեծ շուքով  վառուեցան ՀՄՄ-ի  աւանդական  տօնածառի լոյսերը։

 

 Այս մասին  «Արեւելք»  տեղեկութիւն ստացաւ Հալէպի իր աղբիւրէն։

 

Նշենք, որ  այս    բարեբաստիկ    օրուան  առթիւ ՀՄՄ-ի   կողմէ   հրապարակուեցաւ     յաւուր պատշաճի հաղորդագրութիւն մը, որ կը ներկայացնենք ստորեւ ՝

 

Պատերազմական տարիներու ընթացքին տոկալով աջէն ձախէն նետուող ռումբերու աւերին, ՀՄՄ-ի  տօնածառը մնաց կենդանի,  երբեք չզիչելով չարին եւ անարգին: Եղան ընդմիջումներ ամենասոսկալի օրերուն, բայց յոյսը երբեք չմեռաւ: Այսօր Դեկտեմբերի 21-ին, հոծ բազմութիւն մը շրջապատելով զայն՝ կատարուեցաւ բացումը, կազմակերպութեամբ՝ Ս. Դ. Հնչակեան Կուսակցութեան Սուրիոյ Հիւսիսային Շրջանի Վարիչ Մարմինի, ներկայութեամբ Տիար Երկչ. Հուսէյն Արնուսի Ջրային Պաշարներու նախարար եւ Պաաս կուսակցութեան կենտրոնական կոմիտէի անդամ, Հալէպի նահանգապետ Տիար Հուսէյն Տիապի,  Վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեանի Հայ Աւետարանական Համայնքի պետ, Հալէպի քրիստոնէական համայնքներու պետերու, պետական եւ Պաաս կուսակցութեան ներկայացուցիչներու, հիւրերու եւ խուռներամ հայրենակիցներու ներկայութեամբ, ՀՄՄ-ի մեծ ընտանիքի, ՀՄՄ-ի փողերախումբի եւ ՆՍՄՄ-ի խումբերու զանազան երգեցողական եւ պարային կատարումներով: