Սուրիա- «Արեւելք»ի Հալէպի աղբիւրներէն իմացանք, թէ Քաբրի թաղամասին վրայ երէկ կատարուած հրթիռարձակումներուն պատճառով զոհուած են երկու հայեր: Զոհուածները Մայր մը եւ անոր 30 տարեկան որդին են: Քիչ առաջ կարելի եղաւ ճշդել հայ զոհերուն անունները, անոնք կը կոչուին Վերա Կէնտիմեան եւ Յարութ Կէնտիմեան: