image
Հրատապ լուրեր:

Ռուսիայէն Իրան կազատարը պիտի անցնի Ատրպէյճանի տարածքով

Ռուսիայէն Իրան կազատարը պիտի անցնի Ատրպէյճանի տարածքով

Մոսկուան եւ Թեհրանը համաձայնութեան եկած են Ատրպէյճանի տարածքով Ռուսիայէն Իրան կազատարի կառուցման շուրջ՝ Վլատիմիր Փութինի եւ Մասուտ Փեզեշքիանի հանդիպումէն յետոյ յայտնած է Ռուսիոյ ուժանիւթի նախարարը:

Սերգէյ Ցիվիլեւի խօսքով՝ այժմ մատակարարումներու գինի հետ կապուած բանակցութիւններ կը տարուին: Ան տեղեկացուցած է, որ երկիրներու միջեւ կը քննարկուին նաեւ կազի արդիւնահանման համատեղ նախագիծեր:

 Ռուսիոյ եւ Իրանի նախագահները Քրեմլինի մէջ կայացած բանակցութիւններէն յետոյ համապարփակ ռազմավարական գործընկերութեան մասին համաձայնագիր ստորագրած են: Փաստաթուղթը կը ներառէ գրեթէ բոլոր ոլորտները՝ պաշտպանութիւնը, ահաբեկչութեան դէմ պայքարը, ուժանիւթը, ֆինանսները, երթեւեկը, արդիւնաբերութիւնը, գիւղատնտեսութիւնը, մշակոյթը, գիտութիւնը, ճարտարագիտութիւնը եւ այլն: