Վրաստանի մէջ 28 ապրիլէն մինչեւ 8 մայիս տեղի պիտի ունենան «Վրաստան-ՆԱԹՕ 2025» հրամանատարաշտապային զօրավարժութիւնները: Այդ մասին յայտնած է Վրաստանի մօտ Իտալիոյ դեսպանութիւնը։
Զօրավարժութիւններուն իրենց մասնակցութիւնն արդէն հաստատած են Ատրպէյճանը, Ալպանիան, Պուլկարիան, Հունգարիան, Գերմանիան, Յունաստանը, Լեհաստանը, Սլովաքիան, Թուրքիան, ԱՄՆ-ը եւ Ֆրանսան:
Նշուած է, որ Հայաստան զօրավարժութեան պիտի մասնակցի որպէս դիտորդ։