image

Զոհուած զինուորներու հարազատներու բողոքի գործողութիւն՝ Դատախազութեան շէնքին առջեւ

Զոհուած զինուորներու հարազատներու բողոքի գործողութիւն՝ Դատախազութեան շէնքին առջեւ

Անոնք կը պահանջեն նաեւ, որ գործը քննուի առերեւոյթ պետական դաւաճանութեան 299 յօդուածով, Նիկոլ Փաշինեանը կանչուի հարցաքննութեան եւ գործին մէջ ընդգրկուի որպէս մեղադրեալ:

 

Դատախազութեան շէնքիՆ առջեւ այսօր բողոքի գործողութիւն կ'իրականացնեն 44-օրեայ պատերազմին զոհուած զինուորներուն հարազատները: Անոնց պահանջն է, որ Դատախազութիւնը Քննչական կոմիտէին մէջ 308 յօդուածի երկրորդ մասի յատկանիշներով (պաշտօնական լիազօրութիւններու չարաշահում, որ յառաջացուցած է ծանր հետեւանքներ) յարուցուած գործը փոխանցուի ԱԱԾ-ին:

Յիշեցնենք, որ զոհուած զինուորներուն հարազատները Յունիս 30-ին հանդիպած էին գլխաւոր դատախազ Արթուր Դաւթեանի հետ, ներկայացուցած էին իրենց պահանջը:

Անոնք կը պահանջեն նաեւ, որ գործը քննուի առերեւոյթ պետական դաւաճանութեան 299 յօդուածով, Նիկոլ Փաշինեանը կանչուի հարցաքննութեան եւ գործին մէջ ընդգրկուի որպէս մեղադրեալ: