image

Զօրամասին մէջ հրազէնային վիրաւորումէ մահացած 21-ամեայ Վահէ Յարութիւնեանն Ագարակէն էր. ան ընտանիքի աւագ զաւակն էր

Զօրամասին մէջ հրազէնային վիրաւորումէ մահացած 21-ամեայ Վահէ Յարութիւնեանն Ագարակէն էր. ան ընտանիքի աւագ զաւակն էր

Երէկ՝ հոկտեմբեր 6-ին, Պաշտպանութեան նախարարութեան N զօրամասի մէջ հրազէնային վիրաւորումէն մահացած ժամկէտային զինծառայող Վահէ Բագրատի Յարութիւնեանը Սիւնիքի մարզի Ագարակ համայնքէն էր։ Այս մասին այսօր՝ հոկտեմբեր 7-ին, NEWS.am–ի հետ զրոյցին յայտնած է Ագարակի միջնակարգ դպրոցի տնօրէն Անժելա Աղայեանը։

«Լուրը բոլորիս համար էր անսպասելի, որովհետեւ Վահէն երբեք վարքի շեղում չի ունեցել, խնդիրներ չի ունեցել, տարիքային անախորժութիւններ, խօսակցութիւններ տղաների հետ չի ունեցել»,–պատմած է դպրոցի տնօրէնը։ Անժելա Աղայեանի խօսքով, 21-ամեայ Վահէն ընտանիքի աւագ զաւակն էր՝ երկուորեակ քոյր եւ եղբայր ունի։

«Վահէն հաւասարակշռուած աշակերտ էր, զուսպ, յարգալից ե՛ւ ուսուցիչների, ե՛ւ դասընկերների նկատմամբ։ Երբեք դիտողութեան չի արժանացել, կոնֆլիկտային իրավիճակներում չի յայտնուել։ Լաւ ընտանիքից է, ծնողները քաղաքում յարգուած են»,–պատմած է դպրոցի տնօրէնը՝ նշելով, որ Վահէն ընդունուած էր Երեւանի պոլիտեխնիկական համալսարան, բանակէն զօրակոչուելէն ետք պիտի սկսէր ուսումը։

Աւելի վաղ յայտնած էինք, որ հոկտեմբեր 6-ին՝ ժամը 10:00-ի սահմաններուն, յայտնաբերուած է ՊՆ N զօրամասի զինծառայող Վահէ Բագրատի Յարութիւնեանի դին՝ հրազէնային վնասուածքով: