image
Հրատապ լուրեր:

Զմմառու Միաբանութիւնը ունեցաւ նոր մեծաւոր ՝ Գերյ. Հ. Գէորգ Թ.Ծ.Վ. Նորատունկեան (Լուսանկար)

  Զմմառու Միաբանութիւնը ունեցաւ նոր մեծաւոր ՝ Գերյ. Հ. Գէորգ Թ.Ծ.Վ. Նորատունկեան (Լուսանկար)

 Հայ Կաթողիկէ Կղերի գլխաւոր կեդրոնատեղի Զմմառու Մայրավանքին մէջ տեղի ունեցած դռնփակ ժողովներու աւարտին յայտարարուած է անունը Միաբանութեան նոր մեծաւորին։

Այսպէս Գերյ. Հ. Գաբրիէլ Թ.Ծ.Վ. Մուրատեանին փոխարինած է Գերյ. Հ. Գէորգ Թ.Ծ.Վ. Նորատունկեան։

 

 

 Նշենք, որ Հայր Գաբրիէլի փոխարինումը տեղի ունեցած է վերջինիս պաշտօնավարութեան աւարտին, եւ ան արդէն երկու շրջանէ ի վեր ձեռնհասօրէն կը վարէր Զմմառու Վանքի Մեծաւորի պատասխանատու պաշտօնը։

 Նոյն առումով եւ յղում ընելով Հայ Կաթողիկէ երիտասարդ միաբաններէն ՝ Հ. Գառնիկ Ծ. Վ. Յովսէփեանի դիմատետրեան էջին ստորեւ կը ներկայացնենք  Միաբանութեան նորընտիր վարչութեան կազմին մասին տարածուած հակիրճ լրատւութիւնը։ 

 

Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան նորընտիր վարչութիւնը Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարքին շուրջ:

 

 

Մեծաւոր՝

Գերապայծառ Հ. Գէորգ թ. ծ. վրդ. Նորատունկեան

 

Վարչականներ՝

Գերապատիւ Հ. Գրիգոր վրդ. Պատիշահ

 

Գերապատիւ Հ. Գէորգ վրդ. Պահէ

 

Գերապատիւ Հ. Պերճ վրդ. Սապէ

 

Գերապատիւ Հ. Պետրոս վրդ. Մարաշլեան

 «Արեւելք» լիանորոգ յաջողութիւն եւ նորաւիշ առաքելութիւն կը մաղթէ Հայ Կաթողիկէ հայրերուն իրենց նուիրական գործունէութեան  մէջ։