Թուրքիոյ խորհրդարանին Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման օրինագիծ ներկայացնելէ յետոյ Կարօ Փայլանը բազմաթիւ սպառնալիքներ կը ստանայ:
Փայլան նշած է, որ թուրք ազգայնական «Էյի» կուսակցութեան կին առաջնորդ Մերալ Աքշեները Թուիթըրով իրեն թիրախաւորած է ազգայնամոլներուն առաջ: «Մերալ Աքշեները զիս նետեց գայլերու սեղանին», ըսած է Կարօ Փայլան` շեշտելով, որ Մերալ Աքշեները կրնար ուղղակի քննադատել իր օրինագիծը, սակայն իրեն ազգայնականներուն համար թիրախ դարձնելը անթոյլատրելի է:
Նշենք, որ Կարօ Փայլանը Ապրիլ 24-էն առաջ Թուրքիոյ խորհրդարանին ներկայացուցած էր Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող օրինագիծ, որ սակայն խորհրդարանը չէր ընդունած: