Սիոնիստական ռեժիմի (Իսրայէլ) սարսափելի ոճրագործութենէն ետք՝ Կազայի «Ալ Մաամտանի» հիւանդանոցին մէջ հազարէ աւելի անմեղ կանանց ու երեխաներու վրայ յարձակումն ու կոտորածը, եկած է մարդկութեան համաշխարհային միասնութեան ժամանակն ընդդէմ աշխարհի այս ամենաատելի կեղծ ռեժիմի։
Այս մասին X էջին գրած է Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հոսէյն Ամիր Ապտոլլահեանը:
«Ժամանակը աւարտած է», -աւելցուցած է ան:
17 հոկտեմբերի երեկոյեան Պաղեստինի առողջապահութեան նախարարութիւնը յայտնած էր, որ Կազայի հատուածին մէջ գտնուող հիւանդանոցներէն մէկուն Իսրայէլի հասցուցած հարուածներու հետեւանքով աւելի քան 500 մարդ զոհուած է։ Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուն հերքած է այն պնդումները, թէ իսրայէլցի զինուորականները պատասխանատու են Կազայի հիւանդանոցի վրայ յարձակման համար։ Անոր խօսքով՝ հարիւրաւոր կեանքեր խլած պայթումը ահաբեկիչներու ձեռքի գործն է։