Ակնյայտ է, որ ժողովուրդը ոտքի կը կանգնի, մեր թիւը ժամ առ ժամ, վայրկեան առ վայրկեան կ'աւելնայ, երէկ տեսաք, թէ երեկոյեան տեղի ունեցած երթին քանի տասնեակ հազար մարդ կը մասնակցէր: Այս մասին ըսաւ «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր, ԱԺ փոխխօսնակ Իշխան Սաղաթէլեանը:
«Յստակ կարող ենք արձանագրել, որ մեր ժողովուրդը իր պահուածքով արձանագրեց, որ օրուայ իշխանութիւնը չունի մանտաթ` երկիրը նոր զիջումների տանելու: Հիմա կարող ենք փաստել նաեւ, որ իրենք չունեն այլեւս իշխանութիւն եւ պէտք է օր առաջ հեռանան», ըսաւ Սաղաթէլեանը:
Հարցին` իշխանութեան կողմէ ստեղծուած իրավիճակը քննարկելու առաջարկներ եղա՞ծ են, Սաղաթէլեանը ըսաւ, որ իրենց հետ խօսելու մէկ օրակարգ կայ եւ այդ օրուայ իշխանութիւններուն անցնցում եւ արագ հեռանալու օրակարգն է:
«Մեր պայքարը աւարտուելու է Նիկոլի հեռացմամբ եւ Հայաստանի համար բացուելու է նոր արշալոյս, որովհետեւ այս մարդիկ պետութիւնը տանում են կործանման: Իրենց հեռացումով Արցախը երբեք չի լինելու Ադրբեջանի կազմում, Հայաստանը չի թուրքացուելու: Ժողովրդական ճնշման տակ այս իշխանութիւնները պէտք է հեռանան եւ րոպէ առ րոպէ ինչ ուզում ենք, տեղի է ունենում», ընդգծեց Իշխան Սաղթէլեանը:
Խօսելով իրենց հետագայ քայլերի եւ գործողութիւնների մասին` Սաղաթէլեանը ըսաւ, որ Նիկոլ Փաշինեանի հեռանալէ յետոյ պիտի ձեւաւորուի ազգային համաձայնութեան կառավարութիւն` տարբեր ուժերէ բաղկացած: