Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքին հրաւիրուած է «Golden Globes» մրցանակաբաշխութեան։ Ան ԱՄՆ-ի մէջ կայացած միջոցառման մասնակցած է հեռակայ՝ տեսակապի միջոցով: Այդ մասին գրած է «Variety»-ն։
Միջոցառման ժամանակ Զելենսքին ներկայացուցած է հոլիվուտեան օսքարակիր դերասան-բեմադրիչ Շոն Փենը, որ նախորդ նոյեմբերին Քիեւի մէջ հանդիպած էր Զելենսքիի հետ՝ յայտնելու իր աջակցութիւնը երկրին:
Այնուհետեւ Զելենսքին ձայնագրուած ուղերձով դիմած է ներկաներուն:
«Հիմա 2023 թուականն է… յառաջիկային դեռ մարտեր եւ արցունքներ կան, բայց հիմա ալ կրնամ վստահաբար ըսել, թէ ով էր այս տարի լաւագոյնը. անոնք ազատ աշխարհի ազատ մարդիկն են. անոնք, որոնք համախմբուեցան ազատ ուքրանացի ժողովուրդին աջակցելու շուրջ՝ ազատութեան համար մեր ընդհանուր պայքարին»:
Ներկաները ծափահարած են։
«Երրորդ համաշխարհային պատերազմ պիտի չըլլայ, սա եռերգութիւն չէ: Ուքրանիան կը կանգնեցնէ ռուսական յարձակումը մեր հողի վրայ», - եզրափակած է Զելենսքին։