Ներկայիս Զանգելանի (Կովսական) շրջանին մէջ մեծ ենթակառուցուածքային ծրագրեր կ'իրականացուին: Անոնց շարքին կ'ուզեմ նշել ճանապարհային ենթակառուցուածքը, որը «Զանգեզուրի միջանցքի» անբաժանելի մասն է: Այս մասին յայտարարած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը:
Ալիեւ նշած է, որ Զանգելանի (Կովսական) միջազգային օդակայանը շահագործման պիտի յանձնուի այս տարի:
«Վստահ եմ, որ այս օդակայանը շատ մեծ գործառոյթներ պիտի ունենայ: Որովհետեւ մենք Զանգելանը կը տեսնենք որպէս ապագային միջազգային ճանապարհափոխադրային եւ լոկիսթիք կեդրոն: Այդ կ'ապահովեն տարածքի աշխարհագրական դիրքը, միջազգային շուկաներուն մօտ ըլլալը եւ այլ գործօններ... Ինչ վերաբերում է «Զանգեզուրի միջանցքին», ապա այս միջանցքը արդէն իրականութիւն է: Ե՛ւ երկաթգիծը, ե՛ւ Զանգելանի շրջանի տարածքով անցնող մայրուղին ոչ միայն կը կապեն Ատրպէյճանի հիմնական մասը Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան հետ, այլեւ կը դառնան միջազգային բեռնափոխադրումներու նոր երթուղի, պիտի ըլլան միջազգային երթուղի: Հետեւաբար, եւ միեւնոյն ժամանակ, նախկին ներքին տեղահանուածներու յարմարութեան համար, մենք արագօրէն կը կառուցենք չորս եւ վեց գօտիներով ճանապարհ: Այս ճանապարհի փուլային շահագործումը պիտի սկսի յաջորդ տարի», ըսած է Ալիեւը: