image

«Զանգեզուրի միջանցք»ի բացման շուրջ համաձայնութիւն ձեռք բերուած է. Ալիեւը՝ Էրտողանին

«Զանգեզուրի միջանցք»ի բացման շուրջ համաձայնութիւն ձեռք բերուած է. Ալիեւը՝ Էրտողանին

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ հեռախօսազրոյց ունեցած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողանի հետ  եւ անոր տեղեկացուցած է նախօրէին Պրիւքսէլի մէջ Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահին եւ Հայաստանի վարչապետին հետ հանդիպման մասին:

Ալիեւ անդրադարձած է հանդիպման ընթացքին քննարկուած հարցերուն՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի նախապատրաստման հետ կապուած:

Ատրպէյճանի նախագահը ըսած է, որ դրական կը գնահատէ եռակողմ հանդիպման արդիւնքները: Ալիեւ նաեւ նշած է, որ կողմերը համաձայնութեան եկած են այսպէս կոչուած «Զանգեզուրի միջանցք»ի բացման շուրջ` ներառելով ե՛ւ երկաթուղիի, ե՛ւ մայրուղիի կառուցումը:

Էրտողան շնորհակալութիւն յայտնած է եռակողմ հանդիպման մասին տեղեկատուութեան համար եւ բարձր գնահատած է անով ձեռք բերուած դրական արդիւնքները: