Վերջերս, լիբանանահայ երաժիշտ, Կիթառի միջազգային օրուան դեսպան, կիթառահար Մկրտիչ Միքայէլեան, արժանացած է ոսկեայ մետալի Յունաստանի Վոլոս քաղաքին մէջ տեղի ունեցած «Guitar Olympiad 2023» փառատօնին։
Նշենք, որ աւելի քան 2000 մարդ ներկայ եղած է սոյն համաշխարհային փառատօնին, որ իր տեսակին մէջ առաջինն է, եւ որ տարեկան աւանդոյթ պիտի դառնայ: Անոնք ըմբոշխնած են դասական երաժշտութեան ստեղծագործութիւններ կիթառի կատարումներով, փոխադրուելով երաժշտութեան նուրբ աշխարհը:
Այս առթիւ «Guitar Olympiad» կայքին տեղադրուած է գրառում, ուր ըսուած է,- «Պատուոյ ոսկեայ ողիմպիական մետալ մեծ կիթառահար եւ փրոֆեսոր Մկրտիչ Միքայէլեանին, որ կերտած է կիթառի համար նոր պատմութիւն Լիբանանի եւ ողջ աշխարհի մէջ: Այս մետալը կը համարուի լիբանանեան նոր նուաճում մը, որ կը բարձրացնէ Լիբանանի անունը, այս անգամ դասական երաժշտութեան ու կիթառի ոլորտներուն մէջ:»

Յիշեցնենք, որ տաղանդաւոր կիթառահար Մկրտիչ (Մկօ) Միքայէլեան ծնած ու հասակ առած է Պէյրութի մէջ։ Նախնական ուսումը ստանալէ ետք Լիբանանի ազգային վարժարաններուն մէջ, ան ընտրած է հետեւիլ կիթառի դասընթացքներու եւ անոր հիմնական դարբնոցը եղած է Լիբանանի Համազգայինի երաժշտանոցը։
Առաւել կանաչ ճանապարհ կը մաղթենք մեր հայրենակիցին, յուսալով եւ հաւատալով, որ ան կը նուաճէ աւելի մեծ բարձունքներ։