image
Հրատապ լուրեր:

Յունահայ անուանի երգչուհի Սիրանոյշ Չալըքեանի նոր նուաճումը

Յունահայ  անուանի երգչուհի  Սիրանոյշ Չալըքեանի նոր նուաճումը

Աթէնք հրապարակուող «Ազատ Օր»էն կը կարդանք, որ Շաբաթ՝ 27 Նոյեմբերէն մինչեւ Կիրակի՝ 5 Դեկտեմբեր 2021, առաջին անգամ ըլլալով, Թեսաղոնիկէի համերգասրահին մէջ պիտի ներկայացուի Վոլֆկանկ Ամատէուս Մոցարթի «Տօն Ճովանի» հանրայայտ օփերան։

Սոյն ներկայացումին, յունահայ հանրածանօթ օփերայի երգչուհի Սիրանուշ Չալըքեան պիտի մարմնաւորէ «Տօնա Աննա»-ի գլխաւոր դերերէն մէկը:

Ելոյթը տեղի կ՚ունենայ «2021-2024 Յունաստան-Պուլկարիա» քաղաքապետական գործակցութեան հիման վրայ, որուն կը մասնակցին յոյն եւ պուլկարացի օփերայի երգիչներ։

Մոցարթի ստեղծագործութիւնը առաջին անգամ բեմ երեւցաւ 1787-ին եւ այնուհետեւ դարձաւ համաշխարհային օփերայի ամէնէն սիրուած եւ փնտռուած բաժիններէն մէկը, որ կը հանդիսանայ անոր հեղինակին գլուխգործոց յօրինումներէն մէկը։

Հայազգի Սիրանուշ Չալըքեան, որու համբաւը տարածուած է արդէն աշխարհի զանազան կողմերը, հանդիսատեսը պիտի հմայէ իր քաղցր ձայնով ու բեմական արհեստավարժ ներկայութեամբ։

Չորս շարունական ներկայացումներու շարքի մուտքը ազատ է։