image

Ըստ Օլաֆ Շոլցի Քոսովոյի բանակցութիւններուն դրական տեղաշարժ կայ

Ըստ Օլաֆ Շոլցի Քոսովոյի բանակցութիւններուն դրական տեղաշարժ կայ

Քոսովոյի բանակցութիւններու կողմերը մօտ են անջատուած հանրապետութեան մէջ հակամարտութեան կառուցուածքային ու կայուն լուծման շուրջ համաձայնութեան գալուն, յայտարարած է Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլցը Քոսովոյի նախագահ Վեոսա Օսմանիի եւ Սերպիոյ նախագահ Ալեքսանտր Վուչիչի հետ Քիշնեւի մէջ Եւրոպական քաղաքական գագաթնաժողովի շրջածիրէն ներս հանդիպելէն ետք, այս մասին գրած է ՌԻԱ Նովոստի-ն։

«Ֆրանսայի նախագահն ու ես, ինչպէս նաեւ պարոն Պորելի նման ուրիշները, շատ կը փորձենք, որ սրած լարուածութիւնը կրկին թուլացուի: Եւ սա խնդիր է, որու համար մենք յատուկ պատասխանատւութիւն կը կրենք, քանի որ այժմ մօտ ենք, որ գտնենք շատ կառուցուածքային ու տեւական լուծում հակամարտութեան Քոսովոյի եւ Սերպիոյ միջեւ բանակցող համաձայնագրերու միջոցով»,-ըսած է Շոլց։

Վարչապետը մանրամասնած է, որ հանդիպման ներկայ եղած են հակամարտութեան բոլոր կողմերը, խօսակցութիւնը եղած է «բուռն»։