image

Ըստ Մամիջանեանի Փաշինեան կը բանակցի «Արցախը Ատրպէյճանի կազմին մէջ» սկզբունքով

Ըստ Մամիջանեանի Փաշինեան կը բանակցի «Արցախը Ատրպէյճանի կազմին մէջ» սկզբունքով

Բարձրաստիճան եւրոպական պաշտօնեայ մը մեզի հետ հանդիպման ընթացքին, իմ ելոյթէն յետոյ, որ կը վերաբերէր Արցախի կարգավիճակին, ինքնորոշման իրաւունքին  ու անվտանգային այլ կարեւոր կէտերու, ուղիղ բովանդակութեամբ ըսաւ հետեւեալը՝ մենք Ձեր դիրքորոշումները գիտենք համապատասխան չեն, որովհետեւ Նիկոլ Փաշինեան վաղուց արդէն  որեւէ բանակցութիւն չի տանիր Արցախի կարգավիճակի վերաբերեալ։ Այս մասին խորհրդարանական ճեպազրոյցներու ժամանակ ըսաւ «Պատիւ ունեմ» խմբակցութեան ղեկավար Հայկ Մամիջանեան։

Պատգամաւորը նշեց, որ այդ հանդիպման ներկայ եղած են նաեւ իշխանական պատգամաւորներ։

«Բանակցային տրամաբանութիւնն  ամբողջապէս հիմնուած է Ադրբեջանի կազմում Արցախի հետագայ ապագային, ինչ՞ մասին էք հիմա դուք ինձ հարցնում, սա էր իր ասածը։ Այդ պաշտօնեան ունի ազդեցութիւն որոշ գործըթացների վրայ, անցած ճանապարհ, հանդիպմանը ներկայ էին նաեւ այլ պատգամաւորներ, այդ պաշտօնեան ինձ ասաց, որ Փաշինեանը բանակցում է  «Արցախն Ադրբեջանի կազմում» տրամաբանութեան մէջ։ Եթէ որեւէ մէկը փորձի դա հերքել, թող պատրաստուի, որ անուններ են հնչելու։ Ես այս խօսքերի համար կրում եմ պատասխանատուութիւն, Հայաստանի դատական համակարգն էլ իրենց «փեշքեշ» (նուէր), թող դատի տան։ Տարբեր տրամաչափի անվտանգային երեւոյթներ, նկատի ունեմ Արմէն Գրիգորեանին, փորձում են անտաղանդ կերպով հերքել Արմէն Աշոտեանի ներկայացրած փաստաթուղթը, որ ներկայացնում է այս պահի բանակցային տրամաբանութիւնը։ Դէ հիմա թող գնան փորձեն սա հերքել»,- ըսաւ Հայկ Մամիջանեան: