Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն յայտարարած է, թէ Հայաստանը պէտք է դրական արձագանգէ Ատրպէյճանի առաջարկած խաղաղութեան համաձայնագրին, քանի որ բոլորին համար դրական պիտի ըլլայ:
Այս մասին թուրք դիւանագէտը ըսած է Անթալիոյ մէջ տեղի ունեցած համաժողովի փակման ընթացքին:
«Կովկասի մէջ մենք եռակողմ, քառակողմ մեխանիզմներ ունինք: Եթէ յարաբերութիւնները կարգաւորուին, խաղաղութեան համաձայնագիր ըլլայ, ապա ինչո՞ւ Հայաստանն ալ չներառենք, եթէ խաղաղութենէն ու կայունութենէն կը խօսինք: Սակայն անոր համար Հայաստանն ալ պէտք է նոյն ըմբռնումը ունենայ: Պատերազմը աւարտած է, Հայաստանն ու Ատրպէյճանը պէտք է նստին ու բանակցին, իմ կարծիքով` խաղաղութեան համաձայնագրի շուրջ բանակցութիւններու մէջ երրորդ կողմ պէտք չէ ըլլայ: Եթէ անհրաժեշտ ըլլայ, մեզ հետաքրքրող ինչ-որ բան ըլլայ, ի հարկէ կ'աջակցինք», ըսած է Չաւուշօղլուն:
Ան նշած է, որ իրենք կ'ողջունեն Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ որեւէ քայլ:
Չաւուշօղլուն անդրադարձած է ՀՀ արտաքին գործոց նախարարին հետ կայացած հանդիպման ու նշած, որ այն չափազանց արդիւնաւէտ եղած է:
«Խօսեցանք, թէ յարաբերութիւններու ամբողջական կարգաւորման համար ինչը անհրաժեշտ է: Ըսի, որ Ատրպէյճանի առաջարկած խաղաղութեան պայմանագրին Հայաստանի կողմէ դրական պատասխան կ'ակնկալենք, քանի որ այն բոլորին համար ձեռնտու պիտի ըլլայ», ըսած է Չաւուշօղլուն:
Ան յոյս յայտնած է, որ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ բանակցութիւնները շուտով կը մեկնարկեն, քանի որ անոնք ալ ժամանակատար են, կողմերը իրենց առաջարկները պիտի ներկայացնեն, ուսումնասիրեն, սակայն, անոր խօսքով, որքան շուտ մեկնարկեն, այնքան լաւ: