image
Հրատապ լուրեր:

Ըստ ատրպէյճանեան աղբիւրներու Պաքուի մէջ Իսրայէլի դեսպանատան վրայ ծրագրուած էր զինեալ յարձակում

Ըստ ատրպէյճանեան աղբիւրներու  Պաքուի մէջ  Իսրայէլի  դեսպանատան վրայ ծրագրուած էր զինեալ յարձակում

Յայտնի է, թէ Ատրպէյճանի յատուկ ծառայութիւնները Պաքուի մէջ որ օտարերկրեայ պետութեան դեսպանատան վրայ ծրագուած զինեալ յարձակումը կանխած են: Ինչպէս յայտնած է jpost.com-ը, խօսքն Իսրայէլի դեսպանատան մասին է:

Աւելի վաղ հաղորդուած էր, որ զինեալ անձը փորձած է ներխուժել Պաքուի մէջ օտարերկրեայ դիւանագիտական ներկայացուցչութեան վարչական շէնք՝ նպատակ ունենալով ահաբեկչութիւն իրականացնել եւ վնասել ներսը գտնուող մարդոց։

Ինչպէս նկատած է jpost.com-ը, այս շաբթուան ընթացքին սա արտերկրի մէջ Իսրայէլի դեսպանատան վրայ յարձակման փորձի երկրորդ դէպքն է: Հինգշաբթի՝ 16 նոյեմբերին, մեքենան բախած էր Թոքիոյի մէջ Իսրայէլի դեսպանատան մուտքի մօտ գտնուող անցարգելին, 50-ն անց տղամարդը տեղւոյն վրայ ձերբակալուած էր: