Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ եւ նախագահի հանրապետական թեկնածու Տանըլտ Թրամփ նախագահ վերընտրուելու պարագային պիտի առաջարկէ ամերիկացի գործարար ու միլիառատէր Իլոն Մասքին, որ զբաղեցնէ խորհրդականի պաշտօն կամ որեւէ այլ պաշտօն նախագահական գրասենեակին մէջ։ Այս մասին գրած է Reuters գործակալութիւնը, որուն Թրամփ հարցազրոյց տուած է ։
«Թրամփ նաեւ ըսած է, որ ընտրութիւններուն յաղթելու պարագային Իլոն Մասքին (Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահի - խմբ.) գրասենեակին մէջ հաստիք կամ խորհրդականի պաշտօն պիտի առաջարկէ, «եթէ ան համաձայնի»», - յայտնած է գործակալութիւնը՝ չներկայացնելով Թրամփի խօսքի ուղիղ մէջբերումը:
Աւելի ուշ Մասք X-ի իր էջոով ընդամէնը երկու բառով արձագանգած է այս լուրերուն՝ գրելով․ «Պատրաստ եմ ծառայել»։