image

Ընթերցումներս. Հնչիւնական կրկնութիւններ (7). Գրեց՝ Տօքթ. Արմենակ Եղիայեան

Ընթերցումներս.  Հնչիւնական կրկնութիւններ (7). Գրեց՝ Տօքթ. Արմենակ Եղիայեան

Ընթերցումներս (34)

Կրկնաբանութիւն

բ. Հնչիւնական կրկնութիւնններ

          Ասոնք կը տարբերին բառային կրկնութիւններէն իրենց ծաւալով. խնդրոյ առարկայ են պարզ հնչիւններ, երբեմն քանի մը հատը միատեղ, իսկ երբեմն ալ բառային  մասնիկներ են միայն:

Այսպիսիներու ներկայութիւնը նոյնքան խժալուր ու անհաճոյ է եւ կը նսեմացնէ խօսքի բարեհնչութիւնն ու վայելչութիւնը,  որքան  բառային ամբողջական կրկնութիւններունն է: 

Ասոնք կ’ընդգրկեն մասնաւորաբար թէ-եթէ, որ-որպէս զոյգերը. 

             --Ան կը պնդէր, թէ  եթէ կ’ուզեմ յաջողիլ, պէտք է  ձգեմ գործս:

             Ան կը պնդէր, որ  եթէ կ’ուզեմ յաջողիլ, պէտք է  ձգեմ գործս:

             --Ես գիտէի, որ որպէս  տնօրէն՝ ան պէտք է իմանայ ամեն բան:

            Ես գիտէի, որ իբրեւ   տնօրէն՝ ան պէտք է իմանայ ամեն բան:

Ես գիտէի, թէ որպէս տնօրէն՝ ան պէտք է իմանայ ամէն բան:

             --Ես կը կարծէի, թէ եթէ ընդունիմ, կը մեղմացնեն իրենց դիրքը:

            Ես կը կարծէի, որ եթէ ընդունիմ, կը մեղմացնեն իրենց դիրքը...:

Առաջին օրինակը ինքնին սխալ յղացուած է, քանի պնդել-ին հետ  թէ կասկածական, ենթադրական շաղկապը անհամատեղելի է. պնդողին մտքին մէջ չի կրնար թէականութիւն  գտնուիլ:  Ուրեմն որ-ի կիրարկութեամբ սրբագրած կ’ըլլանք թէ՛ իմաստային թերութիւնը, թէ՛, միւս կողմէ,  հնչիւնական  թերութիւնը: 

Յաջորդ օրինակին մէջ գիտէի բայը իրօք ալ իրմէ ետք կը պահանջէ որ շաղկապը, սակայն հնչիւնական բարեկարգութեան սիրոյն  փոխարինեցինք զայն  թէ-ով՝ քերականութիւնը զոհելով  բարեհնչութեան, ինչ որ սովորական երեւոյթ մըն է, ուր քերականօրէն ճիշդը իր տեղը զիջի աւելի վայելուչ՝ թէկուզ նուազ ճիշդ կառոյցի:

 Նոյն ոգիով ու տրամաբանութեամբ առաջնորդուեցանք երրորդ օրինակի պարագային, ուր կը կարծէի բայը կը պահանջէ թէ շաղկապը, սակայն անբարեհնչութիւնը  բառնալու համար քերականութիւնը այս պարագային եւս զոհեցինք  գեղագիտութեան: 

Ասոնք ամէնէն աւելի հանդիպող զոյգերն են, սակայն բառային որեւէ  պա- տահական ու աննախատեսելի զոյգ կրնայ ստեղծել կրկնաբանութիւններ. օրինակ՝

--Սահակեան նաեւ շեշտեց, որ որովհետեւ մեղադրանքները շինծու են...

Սահակեան նաեւ շեշտեց, որ քանի  մեղադրանքները շինծու են...

--Ան անցաւ ամբոխին առջեւ եւ առաջնորդեց զայն դէպի հրապարակ:

 Ան անցաւ ամբոխին առջեւ ու առաջնորդեց զայն դէպի հրապարակ:  

--Սովորութիւն ունի ափեղ-ցփեղ դուրս տալու երբեմն, ուրեմն  հրաժարե-ցանք զինք հետերնիս տանելէ: 

--Սարքը չկրցանք գործածել դժբախտաբար, հետեւաբար  վերադարձուցինք զայն վաճառողին:    

Ուրեմն անախորժ  կացութիւնները լուծեցինք հոմանիշներու կիրարկութ-եամբ պարզապէս:     

Նման կրկնութիւններ շատ դիւրաւ կը սպրդին, իսկ անոնց սրբագրութիւն-ները այնքան ալ դժուար չեն, պայմանաւ որ գրողը յանձն առնէ գրածը վերընթերցելու, ի պահանջել հարկին՝ քանի մը անգամ:

*   *   *

Բաւական տարածուած են անհամատեղելի ձայնաւորներու յաջորդակա-նութեամբ յառաջացող կրկնութիւնները, որոնք  յօրանջ (hiatus)  կը կոչուին. 

-- Սուրը ու գրիչը միշտ հաշտ չեն ընթանար:  

            Սուրն ու գրիչը միշտ հաշտ չեն ընթանար: 

            --Հացը ու պանիրը ուտելով ճամբայ ինկաւ:

Հացն ու պանիրը ուտելով ճամբայ ինկաւ:

Շատ անհաճոյ կրկնաբանութիւն մըն է որ շաղկապի անտեղի կիրարկութիւնը, որուն ակնարկուած է իր տեղին՝ համանուն հատուածին մէջ. օրինակ՝ 

--Ան նշեց, որ Ամերիկայի պաշտօնատարները կ’ըսեն, որ մտադիր են արգելք հանդիսանալ, որ Սուրիա իր  քիմիական զէնքերը անգամ մը եւս օգտագործէ:

Լեզուն կատարելապէս կը թոյլատրէր, որ այս սխալը չգործուէր, քանի երկրորդ որ-ը արդէն անտեղի կիրարկուած է. ան պէտք է ըլլար թէ, որով ինքնաբերաբար կը վերնար կրկնաբանական խժալրութիւնը. «Ան նշեց, որ Ամերիկայի պաշտօնատարները կ’ըսեն, թէ...»:

  Նաեւ՝ 

-- Անոնք կը բանտարկուին պարզապէս անոր համար, որ անոնք Սուրիոյ մէջ անիրաւութեան դէմ ճիհատի կը մասնակցին:

Նախադաս ան հնչիւնախումբը կրկնուած է չորս անգամ՝ չհաշուած միջադասները: Իր կարգին՝ անտեղի կրկնուած է անոնք դերանունը: Հայերէնի ոգիին դէմ է անոր համար յարաբերեալ կառոյցն ալ: Ուրեմն՝ «Անոնք կը բանտարկուին, պարզապէս,  որովհետեւ Սուրիոյ մէջ անիրաւութեան դէմ ճիհատի կը մասնակցին»:

--Միթէ ան անցած ժամանակի եւ մարդոց գործունէութեան արձանագրութիւնը չէ՞ («Ազգ», 1-5-15):

Միայն «ան» դերանունի տեղափոխումը զգալիօրէն բաւարար է մեղմացնելու համար անախորժ կրկնաբանութիւնը. «Միթէ  անցած ժամանակի եւ մարդոց գործունէութեան արձանագրութիւնը չէ՞ ան»:

-- Կարելի է ենթադրել, թէ գրեթէ  հասեր էինք աւարտին:

Այս օրինակին կրկնուող տարրերը թէ շաղկապներն են, ճիշդ է, սակայն անդին միայնակ «թ» հնչիւնը իր կարգին բան մը կ’աւելցնէ յառաջացած խժալրութեան վրայ:

--Կարելի է ենթադրել, որ համարեա  հասեր էինք աւարտին: 

Երբեմն կը ներկայանան փորձանաւոր պարագաներ, որոնք  անյաղթահա-րելի չեն.  քիչ մը  արթնամտութիւնն ու  բարի կամեցողութիւնը բաւ են. օրինակ՝

-- Անկախ նրանից, թէ դէպի ո՞ր երկիր  են արտահանում:        

            Անկախ նրանից, որ դէպի ի՞նչ երկիր են արտահանում:   

      

Արմենակ Եղիայեան
armenag@gmail.com