Ընթերցումներս (34)
Կրկնաբանութիւն
բ. Հնչիւնական կրկնութիւնններ
Ասոնք կը տարբերին բառային կրկնութիւններէն իրենց ծաւալով. խնդրոյ առարկայ են պարզ հնչիւններ, երբեմն քանի մը հատը միատեղ, իսկ երբեմն ալ բառային մասնիկներ են միայն:
Այսպիսիներու ներկայութիւնը նոյնքան խժալուր ու անհաճոյ է եւ կը նսեմացնէ խօսքի բարեհնչութիւնն ու վայելչութիւնը, որքան բառային ամբողջական կրկնութիւններունն է:
Ասոնք կ’ընդգրկեն մասնաւորաբար թէ-եթէ, որ-որպէս զոյգերը.
--Ան կը պնդէր, թէ եթէ կ’ուզեմ յաջողիլ, պէտք է ձգեմ գործս:
Ան կը պնդէր, որ եթէ կ’ուզեմ յաջողիլ, պէտք է ձգեմ գործս:
--Ես գիտէի, որ որպէս տնօրէն՝ ան պէտք է իմանայ ամեն բան:
Ես գիտէի, որ իբրեւ տնօրէն՝ ան պէտք է իմանայ ամեն բան:
Ես գիտէի, թէ որպէս տնօրէն՝ ան պէտք է իմանայ ամէն բան:
--Ես կը կարծէի, թէ եթէ ընդունիմ, կը մեղմացնեն իրենց դիրքը:
Ես կը կարծէի, որ եթէ ընդունիմ, կը մեղմացնեն իրենց դիրքը...:
Առաջին օրինակը ինքնին սխալ յղացուած է, քանի պնդել-ին հետ թէ կասկածական, ենթադրական շաղկապը անհամատեղելի է. պնդողին մտքին մէջ չի կրնար թէականութիւն գտնուիլ: Ուրեմն որ-ի կիրարկութեամբ սրբագրած կ’ըլլանք թէ՛ իմաստային թերութիւնը, թէ՛, միւս կողմէ, հնչիւնական թերութիւնը:
Յաջորդ օրինակին մէջ գիտէի բայը իրօք ալ իրմէ ետք կը պահանջէ որ շաղկապը, սակայն հնչիւնական բարեկարգութեան սիրոյն փոխարինեցինք զայն թէ-ով՝ քերականութիւնը զոհելով բարեհնչութեան, ինչ որ սովորական երեւոյթ մըն է, ուր քերականօրէն ճիշդը իր տեղը զիջի աւելի վայելուչ՝ թէկուզ նուազ ճիշդ կառոյցի:
Նոյն ոգիով ու տրամաբանութեամբ առաջնորդուեցանք երրորդ օրինակի պարագային, ուր կը կարծէի բայը կը պահանջէ թէ շաղկապը, սակայն անբարեհնչութիւնը բառնալու համար քերականութիւնը այս պարագային եւս զոհեցինք գեղագիտութեան:
Ասոնք ամէնէն աւելի հանդիպող զոյգերն են, սակայն բառային որեւէ պա- տահական ու աննախատեսելի զոյգ կրնայ ստեղծել կրկնաբանութիւններ. օրինակ՝
--Սահակեան նաեւ շեշտեց, որ որովհետեւ մեղադրանքները շինծու են...
Սահակեան նաեւ շեշտեց, որ քանի մեղադրանքները շինծու են...
--Ան անցաւ ամբոխին առջեւ եւ առաջնորդեց զայն դէպի հրապարակ:
Ան անցաւ ամբոխին առջեւ ու առաջնորդեց զայն դէպի հրապարակ:
--Սովորութիւն ունի ափեղ-ցփեղ դուրս տալու երբեմն, ուրեմն հրաժարե-ցանք զինք հետերնիս տանելէ:
--Սարքը չկրցանք գործածել դժբախտաբար, հետեւաբար վերադարձուցինք զայն վաճառողին:
Ուրեմն անախորժ կացութիւնները լուծեցինք հոմանիշներու կիրարկութ-եամբ պարզապէս:
Նման կրկնութիւններ շատ դիւրաւ կը սպրդին, իսկ անոնց սրբագրութիւն-ները այնքան ալ դժուար չեն, պայմանաւ որ գրողը յանձն առնէ գրածը վերընթերցելու, ի պահանջել հարկին՝ քանի մը անգամ:
* * *
Բաւական տարածուած են անհամատեղելի ձայնաւորներու յաջորդակա-նութեամբ յառաջացող կրկնութիւնները, որոնք յօրանջ (hiatus) կը կոչուին.
-- Սուրը ու գրիչը միշտ հաշտ չեն ընթանար:
Սուրն ու գրիչը միշտ հաշտ չեն ընթանար:
--Հացը ու պանիրը ուտելով ճամբայ ինկաւ:
Հացն ու պանիրը ուտելով ճամբայ ինկաւ:
Շատ անհաճոյ կրկնաբանութիւն մըն է որ շաղկապի անտեղի կիրարկութիւնը, որուն ակնարկուած է իր տեղին՝ համանուն հատուածին մէջ. օրինակ՝
--Ան նշեց, որ Ամերիկայի պաշտօնատարները կ’ըսեն, որ մտադիր են արգելք հանդիսանալ, որ Սուրիա իր քիմիական զէնքերը անգամ մը եւս օգտագործէ:
Լեզուն կատարելապէս կը թոյլատրէր, որ այս սխալը չգործուէր, քանի երկրորդ որ-ը արդէն անտեղի կիրարկուած է. ան պէտք է ըլլար թէ, որով ինքնաբերաբար կը վերնար կրկնաբանական խժալրութիւնը. «Ան նշեց, որ Ամերիկայի պաշտօնատարները կ’ըսեն, թէ...»:
Նաեւ՝
-- Անոնք կը բանտարկուին պարզապէս անոր համար, որ անոնք Սուրիոյ մէջ անիրաւութեան դէմ ճիհատի կը մասնակցին:
Նախադաս ան հնչիւնախումբը կրկնուած է չորս անգամ՝ չհաշուած միջադասները: Իր կարգին՝ անտեղի կրկնուած է անոնք դերանունը: Հայերէնի ոգիին դէմ է անոր համար յարաբերեալ կառոյցն ալ: Ուրեմն՝ «Անոնք կը բանտարկուին, պարզապէս, որովհետեւ Սուրիոյ մէջ անիրաւութեան դէմ ճիհատի կը մասնակցին»:
--Միթէ ան անցած ժամանակի եւ մարդոց գործունէութեան արձանագրութիւնը չէ՞ («Ազգ», 1-5-15):
Միայն «ան» դերանունի տեղափոխումը զգալիօրէն բաւարար է մեղմացնելու համար անախորժ կրկնաբանութիւնը. «Միթէ անցած ժամանակի եւ մարդոց գործունէութեան արձանագրութիւնը չէ՞ ան»:
-- Կարելի է ենթադրել, թէ գրեթէ հասեր էինք աւարտին:
Այս օրինակին կրկնուող տարրերը թէ շաղկապներն են, ճիշդ է, սակայն անդին միայնակ «թ» հնչիւնը իր կարգին բան մը կ’աւելցնէ յառաջացած խժալրութեան վրայ:
--Կարելի է ենթադրել, որ համարեա հասեր էինք աւարտին:
Երբեմն կը ներկայանան փորձանաւոր պարագաներ, որոնք անյաղթահա-րելի չեն. քիչ մը արթնամտութիւնն ու բարի կամեցողութիւնը բաւ են. օրինակ՝
-- Անկախ նրանից, թէ դէպի ո՞ր երկիր են արտահանում:
Անկախ նրանից, որ դէպի ի՞նչ երկիր են արտահանում:
Արմենակ Եղիայեան
armenag@gmail.com