image

Ընդդիմութիւնը այսօր պիտի հանդիպի 30-է աւելի կուսակցութեանց հետ

Ընդդիմութիւնը  այսօր պիտի հանդիպի  30-է  աւելի կուսակցութեանց հետ

Այս օրերու մեր գործողութիւնները, նաեւ նախօրէի դէպքերը ապացուցեցին, որ մենք ճիշդ ուղիի վրայ ենք, այս մասին Ֆրանսայի հրապարակին վրայ հանրահաւաքի ժամանակ յայտարարեց ԱԺ փոխնախագահ Իշխան Սաղաթէլեանը:

Ան յիշեցուց, որ գացած են կառավարական շէնքէր, որպէսզի ճշդեն Արցախի վերաբերեալ Ֆրանսայի հրապարակին վրայ ընդդիմութեան ներկայացուցած յայտարարութեան շուրջ նախարարներուն դիրքորոշումը: Սակայն ոստիկանները արգելափակած էին կառավարական բոլոր շէնքերը եւ թոյլ չեն տուած, որ նախարարները հանդիպին պատգամաւորներուն հետ:

«Նիկոլը գերի է վերցրել նաեւ կառավարութեան անդամներին, որովհետեւ շատ դժուար է նայել ՀՀ քաղաքացիների աչքերին ու հիմնաւորել, որ Արցախը պէտք է մնայ Ատրպէյճանի կազմում: Դրա տակից որեւէ մէկը դուրս չի գալու: Մենք երկու օրուայ ընթացքում արել ենք մեր գործողութիւնները եւ շարունակելու ենք», ըսաւ ան:

Սաղաթէլեանը նաեւ ըսաւ, որ իրենց թոյլ չեն տուխծ նաեւ մտնել Երեւանի պետական համալսարան, ինչպէս նաեւ Տնտեսագիտական համալսարան:

Իշխանը Սաղաթէլեանը յաւելեց, որ իշխանութիւնը դեռ ժամանակ ունի խելքի գալու եւ մասնակցելու Յունիս 3-ին նախատեսուած ԱԺ արտահերթ նիստին, որու օրակարգին Արցախի վերաբերեալ ընդդիմութեան պատրաստած յայտարարութիւնն է: Ան նաեւ նշեց, որ բոլոր անոնք, որոնք չեն կիսեր Արցախի վերաբերեալ այդ յայտարարութեան դրոյթները, հայ ժողովուրդին հետ կապ չունին:

Խօսելով այսօրուայ ծրագրերուն մասին` Սաղաթէլեան տեղեկացուց, որ ժամը 13:00-ին տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի շուրջ երեք տասնեակ կուսակցութիւններու հետ հանդիպում, որմէ յետոյ պարզ պիտի ըլլայ անոնց դիրքորոշումը ԱԺ արտահերթ նիստին ներկայացուած յայտարարութեան վերաբերեալ: Այս պահուն շուրջ 50-է աւելի հասարակական կազմակերպութիւններ ստորագրած են յայտարարութեան տակ:

Բացի անկէ, ընդդիմադիր պատգամաւորները հանդիպումներ պիտի ունենան Գրողներու միութեան, Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի, գիտա-կրթական, մշակութային տարբեր հաստատութիւններու ղեկավարների հետ` պարզելու անոնց դիրքորոշումը այս հարցին մէջ:

Նաեւ, Երեխաներու իրաւունքներու պաշտպանութեան միջազգային օրուան առթիւ ժամը 17:00-ին, Ֆրանսայի հրապարակէն տեղի պիտի ունենայ երթ, որուն պիտի մասնակցին կանայք եւ երեխաները: