image
Հրատապ լուրեր:

Ընդդիմադիր նախկին պատգամաւոր Արմէն Չարչեան մեղաւոր ճանչցուեցաւ

Ընդդիմադիր նախկին պատգամաւոր Արմէն Չարչեան մեղաւոր ճանչցուեցաւ

Ազգային ժողովի ընդդիմադիր «Հայաստան» խմբակցութեան նախկին պատգամաւոր, «Իզմիրլեան» բժշկական կեդրոնի ղեկավար Արմէն Չարչեանը դատապարտուած է 3 տարի 7 ամիս ազատազրկման։ Պատիժը պայմանականօրէն պիտի չկիրառուի, սահմանուած է երեք տարուան փորձաշրջան:

Արմէն Չարչեանի նկատմամբ քրէական հետապնդում յարուցուած է «Իզմիրլեան» բժշկական կեդրոնի աշխատակիցները 2021-ի յունիս 20-ին կայանալիք արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասնակցելուն առերեւոյթ հարկադրելու դէպքի առթիւ քրէական գործի շրջածիրէն ներս։ Անոր մեղադրանք առաջադրուած է Քրէական օրէնսգիրքի 154․2-րդ յօդուածի 4-րդ մասի 2-րդ կէտով, այն է՝ ընտրողներուն կաշառք տալը, ստանալը, ընտրութիւններու ժամանակ բարեգործութեան արգելքի խախտումը կամ ընտրողի ազատ կամքի իրականացմանը խոչընդոտելը: 2021-ի յունիսին ան կալանաւորուած էր, դեկտեմբերին՝ ազատ արձակուած։

Ազգային ժողովը 2023-ի փետրուար 9-ին Արմէն Չարչեանը զրկած էր պատգամաւորական անձեռնմխելիութենէն։ Հոկտեմբեր 23-ին ան հրաժարած էր պատգամաւորական մանթատէն։