image

Յայտնի են «Հայաստան» դաշինքի 4 նոր պատգամաւորներու անունները

Յայտնի են «Հայաստան» դաշինքի 4 նոր պատգամաւորներու անունները

«Հայաստան» խմբակցութիւնը նոր պատգամաւորներ պիտի ունենայ. այսօր Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը արտահերթ նիստ կայացուցած է, որու ժամանակ ալ յայտարարուած է, թէ որոնց բաժին հասած են նոր մանթատները։ Տեղեկութիւնը յայտնած է յանձնաժողովը։

Ըստ այդմ` «Հայաստան» դաշինքի պատգամաւորներ Արամ Վարդեւանեանի, Վահէ Յակոբեանի, Հռիփսիմէ Ստամբուլեանի, Ելենա Կիրակոսեանի մանթատները Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի արձանագրութեամբ տրամադրուած են Մհեր Սահակեանին, Արփինէ Վարդանեանին, Արման Ղազարեանին եւ Իրինա Գասպարեանին։

Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի քարտուղար Արմէն Սմբատեան ներկայացուցած է ինքնաբացարկներու դիմումները։ Այսպէս`մանթատէն հրաժարելու դիմումներ ներկայացուցած են «Հայաստան» դաշինքի ցուցակին մէջ ընդգրկուած Ռիմա Ղազարեանը, Ռուբէն Մելքոնեանը, Ռոպերթ Հայրապետեանը, Մարիա Պետրոսեանը, Սայատ Շիրինեանը եւ Դաւիթ Սահակեանցը։