image

Յայտնի է, թէ երբ պիտի մեկնարկեն Կազայի վերաբերեալ Թրամփի ծրագրի շուրջ բանակցութիւնները. ԶԼՄ

Յայտնի է, թէ երբ պիտի մեկնարկեն Կազայի վերաբերեալ Թրամփի ծրագրի շուրջ բանակցութիւնները. ԶԼՄ

Իսրայէլեան հեռատեսիլի 12-րդ ալիքը յայտնած է, որ կիրակի օր՝ 5 հոկտեմբերին, Եգիպտոսի մէջ կը սկսին Կազայի հակամարտութեան կարգաւորման շուրջ բանակցութիւնները, որոնց պիտի մասնակցին իսրայէլեան եւ ամերիկեան պատուիրակութիւնները։

Ըստ հեռատեսիլային ալիքին՝ Միացեալ Նահանգներու նախագահի յատուկ բանագնաց Սթիւ Ուիթքոֆն արդէն մեկնած է Եգիպտոս։ 

Նշուած է, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահի փեսան եւ Տանըլտ Թրամփի՝ Կազայի խաղաղութեան ծրագրի ճարտարապետներէն մէկը՝ Ճարէտ Քուշներ, կրնայ մասնակցիլ բանակցութիւններուն՝ ամերիկեան կողմէ։ 

Ալիքը նաեւ նշած է, որ իսրայէլեան պատուիրակութիւնը կրնայ գլխաւորել վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուի վստահելի անձը՝ ռազմավարական ծրագրման նախարար Ռոն Տերմըր։

«Եթէ «Համաս»-ը չհամագործակցի, մենք կրնանք արագ առաջխաղացում ունենալ Կազայի մէջ։ Դադարի գինը ցած է, եւ արժէ պատանդները ազատ արձակելու հնարաւորութիւն տալ»,-աղբիւրի խօսքերը մէջբերած է հեռատեսիլային ալիքը։